İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի ճարտարապետներէն Նշան Եաղուպեան մրցանակի մը արժանացած է 2020 թուականի Ճարտարապետութեան ազգային ցուցահանդէսի եւ մրցանակներու ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Եաղուպեան Թուրքիոյ մէջ հեղինակութիւն մը կը համարուի այս ասպարէզէն ներս։ Այս տարի 17-րդ անգամ կազմակերպուած մրցոյթի ծիրէն ներս իրեն շնորհուած է «Միմար Սինան» մեծ մրցանակը։

Նշան Եաղուպեանի առընթեր միւս պարգեւատրեալները եղած են՝ Ռեհա Կիւնայ, Մեհմէտ Էօզտողան եւ Վետաթ Տալոքայ։

Նշան Եաղուպեան Կեդրոնականի սան է եւ Գատըգիւղի ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն մին։ Ան իր ասպարէզի պաշարը երկար տարիներէ ի վեր միշտ ի սպաս դրած է նաեւ մեր համայնքին համար։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/15-07-2020-եաղուպեանին-նոր-մրցանակ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın