İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

1674 ԹՈՒԱԿԱՆԷՆ ՄՆԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԵՌԱԳԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐ ՄԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երէկ, Երուսաղէմի «Հրէական արուեստի» թանգարանէն չորս շաբթուայ համար Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան փոխառութեան տրուեցաւ հայերէն ձեռագիր խորհրդատետր մը՝ ուսումնասիրութեան համար: Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներուն, այդ ձեռագիրը մեր օրերուն հասած է 1674 թուականէն:

Փոխառութեան համար Պատրիարքարանի եւ թանգարանի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը: Ձեռագրի ստանձնման ներկայ էին Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան եւ Պատրիարքութեան Ձեռագրատան տեսուչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Պալոյեան եւ Տ. Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեան՝ որպէս անձնական քարտուղարը Տ. Նուրհան Պատրիարքի։

Այդ ձեռագիրը նաեւ նորոգութեան պիտի ենթարկուի Սրբոց Յակոբեանց վանքի Ձեռագրատան աշխատակիցներու կողմէ:

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F8-07-2020-1674-թուականէն-մնացած-հայերէն-ձեռագիր-խորհրդատետր-մը-վերանորոգութեան-կ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın