İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Քանի մը օրեր առաջ, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գալահակլութեան 25-րդ ամեակին առիթով, Ազգային Բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, Լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու զօրակցութեան համար կը տրամադրեն մէկ միլիոն Ամերիկեան Տոլար։

Ուստի, կու գանք տեղեկագրել, որ արդիւնաւոր կերպով իրականացնելու համար Պէզիքեան ամոլին կողմէ կատարուած իշխանավայել այս նուիրատուութեամբ նախատեսուած Լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան աշխատանքը, Ազգ. Առաջնորդարանի գլխաւորութեամբ, արդէն իսկ կազմուած է Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագրի Գործադիր Վարչութիւնը, որ աշխատանքի լծուելէ առաջ, պատշաճ համարեց ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ու այնուհետեւ անցնիլ հինգ ամիսներու վրայ տարածուող օժանդակութեան գործին։

Ուստի, Երերքշաբթի, Յունիս 30, 2020-ի երեկոյեան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ, Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագրի գործադիր վարչութիւնը պաշտօնապէս այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունելով Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագրի Գործադիր Վարչութիւնը, նախ տեղեկացաւ ցարդ տարուած նախապատ-րաստական աշխատանքներուն եւ իր օրհնութեան խօսքին ու յաջողութեան մաղթանքներուն ընդմէջէն, կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խողովակով, Պէզիքեան ամոլը շարունակաբար եղած է մեր Եկեղեցւոյ կողքին ու Լիբանանահայութեան հետ։ Այսօր, Լիբանանեան կեանքի տագնապալի պայմաններուն մէջ, ըսաւ Վեհափառը, միեւնոյն վստահութեամբ ու կեցուածքով, Պէզիքեան ամոլը դարձեալ կը յայտնուի մեր Եկեղեցւոյ կողքին՝ իշխանավայել օժանդակութեամբ աջակցելու համար Լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին։ 

Այնուհետեւ, յոյս յայտնելով որ տագնապալի այս պայմանները շուտով կը հեռանան մեր կեանքէն, Վեհափառ Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբին եւ յիշեցուց որ իբրեւ Եկեղեցի, կառոյցներ ու պատասխանատուներ, մեր մեր ծառայութիւններովն ու նուիրումովը, մենք պէտք է շարունակաբար ըլլանք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կողքին, որպէսզի ազգովին մնանք կանգուն ու կենդանի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

https://www.facebook.com/armprelacylb/photos/a.377088545792919/1555528511282244/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın