İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱՄ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅՍ «ՕՐՄԱՆԵԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր, օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, 2 Յուլիս 2020, Ս. Թարգմանչաց Տօնին, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ՝ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի։ Նկատի ունենալով Քորոնա համավարակը, արարողութիւնը սակաւաթիւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ, սակայն՝ Պատրիարքական Աթոռոյս դիմատետրի էջէն ուղիղ սփռուեցաւ։ Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ՝ Գալֆաեան, Տատեան, Սահակեան-Նունեան, Եշիլգիւղ Վարժարաններէ եւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։ 

Հանդիսութեան տեւողութեան ընթացքին գործադրուեցաւ մշակութային կոկիկ յայտագիր մը։ Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեան մեներգեց հայերէն երգեր։ Իրենց շարքին, Սայաթ Նովայի երաժշտութեամբ մեներգեց նաեւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Առ այդ, Արամ Կոստանեանի սաներէն՝ Տիանա Չիլինկիրեան հանդէս եկաւ իր վարպետէն սորված բանաստեղծութիւններով։ 

Հանդիսութեան ամենէն ոգեւորիչ պահը եկաւ երբ մեծարեալին ուղղեալ Պատրիարքական Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց, Թաթուլ Ծ. Վարդապետը, որմէ յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը մեծարեալին յանձնեց «Օրմանեան Ոսկեայ Շքանշան»ը։ Այս մէկը առիթ եղաւ որ ներկաներ յոտնկայս ծափահարեն մեծարեալը եւ միանան Պատրիարք Սրբազան Հօր գնահատանքի արտայայտութեանց։

Այս առթիւ մեծարեալ Արամ Կոստանեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որուն մէջ ներմուծեց իր բանաստեղծութիւններէն յատուածներ։ Մեծարեալը, բաւականին զգացուած էր այս սիրոյ արտայայտութեանց դիմաց ու բառերը տկար պիտի մնային արտայայտելու համար իր զգացումները։ Կոստանեան յայտնեց, թէ Պոլսոյ մէջ երկար տարիներ գործելու առիթը ունեցած էր մշակութային դաշտի մէջ։ Իր գլխաւոր գործունէութեան վայրը դարձած էր՝ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Առ այդ, տարիներու ընթացքին ան յատկապէս մասնակցութիւնը բերած էր Գալֆաեան, Սահակեան, Տատեան եւ Եշիլգիւղի վարժարաններէն ներս։ Այս շրջանին բախտը ունեցած էր արժէքաւոր հոգեւորականներու եւ կրթական մշակներու հետ գործակցելու։ Պոլսոյ յուշերը անմոռանալի պիտի մնային։ Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, բոլոր ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, իրեն ընծայուած պատիւին համար։

Հուսկ բանքը կատարեց՝ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յայտնեց թէ Արամ Կոստանեանը արժանի էր սոյն գնահատանքին։ Քորոնայի համավարակը պատճառ դարձած էր որ հանդիսութիւնը սակաւաթիւ ներկաներով իրականանար, ապա թէ ոչ՝ հարիւրաւոր ներկաներ պէտք էր ողջունէին մեծ վարպետի բազմաշատ գործունէութիւնը։ Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ Արամ Կոստանեան Հայաստանի եւ Պոլիսի միջեւ մշակութային սերտ կապ մը հաստատած էր։ Ան նաեւ դարձած էր հաւատքի տէր տիպար արուեստագէտ մը, որուն հաւատքը եւ գործունէութիւնը կը ցուցադրէր արուեստի եւ հաւատքի զիրար ամբողջացնող յատկութիւնը։ Այլապէս իրեն թելադրեց որ պարբերաբար այցելէ Պոլիս, քանի Պոլսոյ մէջ ինք ունէր հանդիսաւոր անուն մը եւ բազմաթիւ բարեկամներ։ Այս առթիւ նաեւ բարօրութիւն մաղթեց ընտանիքին հետ, որոնցէ երկար տարիներ հերու մնալու զոհողութիւնը յանձն առնելով ծառայած էր Պոլսահայ մշակոյթին զարգացման։

Հանդիսութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Արամ Կոստանեանը, իրեն մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարի երթ։ Ապա, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որով ներկաներ մօտեցան մեծարեալին ու շնորհաւորեցին զայն։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1568041390022405?__tn__=K-R

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın