İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լիբանանահայութիւնը եւ համայն հայութիւնը լուրջ ընտրանքի առջեւ

Աբօ Պողիկեան

Տնտեսական օրէ օր ահագնացող տագնապը Լիբանանի հայութիւնը իր համայնքային եւ քաղաքական ղեկավար կառոյցներով կը դնէ լուրջ ընտրանքի առջեւ։

Ինչպէս ապահովել հայութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը՝ լիբանանեան լիրայի արժեզրկման, սննդանիւթի, օրուան հացի խնդիրներու, ազգային կառոյցներու գործունէութիւնը անդամալուծող նիւթական տագնապի, երկրի կայունութիւնը վտանգող արտաքին սպառնաիքներու լոյսին տակ. ամրացնե՞լ վտանգները դիմագրաւելու հնարաւորութիւնները, թէ մտածել այլ՝ համանքի հաւաքական ինքնապատկերացման հետ անհաշտ ելքերու՝ որոնց շարքին արտագաղթի, այս պարագային հայրենիքի մէջ հաստատուելու ցանկալի կարելիութեան մասին։Աբօ Պողիկեանը ՍիվիլՆեթի տնօրենն էԱբօ Պողիկեանը ՍիվիլՆեթի տնօրենն էԵթէ ընտրութիւնը կանգնի դիմակայելու վրայ, ապա համայնքի ղեկավարութիւնը պէտք է կարենայ զօրաշարժի ենթարկել թէ ներքին, տեղական, եւ թէ արտաքին, համազգային հնարաւորութիւնները։ Ներքին հնարաւորութիւններու պարագային, պէտք է կարենայ կազմակերպական այնպիսի դրութիւն մը ստեղծել, որ հասնի իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի, ցանկագրէ անոր կարիքները, եւ ըստ կարելիութեան անոր տրամադրէ ապրելու եւ գոյատեւելու միջոցներ։ Այս գործի մէջ նաեւ պէտք է կազմակերպուած աշխատանքը վայելէ համայնքի ամբողջական վստահութիւնը։

Համազգային հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտ զօրաշարժը եւս կը պահանջէ ներքին կազմակերպուածութեան ու վստահութեան դրսեւորումը յաչս ոչ միայն սփիւռքի մէջ գործող ազգային կառոյցներու ղեկավար շրջանակներու, այլ նաեւ բարերարներու եւ ժողովուրդի լայն շրջանակներու, որոնցմէ բաւական լուրջ զոհողութիւններ պիտի ակնկալուի։

Բոլորովին նոր չափանիշեր հաստատելու խնդիր ունինք ազգովին։ Նիւթական հսկայական կարիքները եթէ պատշաճօրէն չապահովուին, բարոյալքումի ու յուսահատութեան դուռ կը բացուի, որու հետեւանքները շղթայական այնպիսի արտայայտութիւններ կ՝ունենան, որոնք կասկածի կրնան ենթարկել վիճակի կառավարելիութիւնը։

Լիբանանի հայ համայնքի իւրայատկութիւնը, անոր ռազմավարական նշանակութիւնը համազգային մեր առաջադրանքներու տեսակէտէն, կ՝ենթադրէ, որ պէտք է մտածել երկու մակարդակով. հայրենադարձութեան ճանապարհի դիւրացման, իսկ մնացողներուն ամէն գնով սատար կանգնելու յանձնառութեամբ։ Այս չափազանց պարզունակ ու բացայայտ փաստը կը պահանջէ հայրենի իշխանութեանց, Լիբանանի հայ համայնքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հայութեան ներդաշնակուած գործակցութեան, տեղեկութիւններու փոխանցումով, հնարաւորութիւններու ճշգրտումով ու բաշխման դրութեան հաստատումով։

Այս պահուն կա՞յ նման գործունէութեան միջավայր։

Լիբանանի հայութեան օգնութեան ձեռք կը մեկնուի սփիւռքի բոլոր անկիւններէն, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը հրաշալի նախաձեռնութեամբ համահայկականութեան դրոշմ տուած է օգնութեան գործին, առանձին բարերարներ լուրջ մասնակցութիւն բերած են ու կը շարունակեն բերել բացուած հանգանակային արշաւին։ Բայց տակաւին կարիքը շատ մեծ է։

Միւս կողմէ, այն ընտանիքները, որոնք պիտի փափաքէին հայրենիքի մէջ գտնել իրենց ապահովութիւնը, ոչ մէկ դրական նշան չեն ստանար Հայաստանէն, հայրենի իշխանութիւններէն։ Հայաստանի կառավարութիւնը, յանձինս Սփիւռքի յանձնակատարին ու անոր ղեկավարած գրասենեակին, պէտք է ժամ առաջ կառավարութեան ներկայացնէ լիբանանահայութեան աջակցելու իր ծրագիրը եւ պետական միջոցներ ներգրաւելով, պետութեան բարոյական հեղինակութեան ճամբով համահայկական հանգանակութեան նոր թափ տալով լիբանանանահայութեան դիմագրաւած գոյութեան տագնապը արժանաւոր կերպով դիմագրաւելու վճռականութիւնը ցոյց տայ։

https://www.civilnet.am/news/2020/07/02/Լիբանանահայութիւնը-եւ-համայն-հայութիւնը-լուրջ-ընտրանքի-առջեւ/388893

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın