İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, հայաշխարհէ ներս եւս հեռավար դրութեամբ զանազան քննարկումներու նախընթացը արդէն ձեւաւորուած է։ Այս ծիրէն ներս, «Ռամկավար մամուլ» ցանցը նախաձեռնած է առցանց նոր հարթակ մը ստեղծել։ Պարբերական համացանցային քննարկումներու լսարան մը կ՚ենթադրէ այս նախաձեռնութիւնը, որ յառաջ կը տարուի Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթին, Եգիպտոսի «Արեւ» թերթին եւ Արժանթինի «Սարտարապատ» շաբաթաթերթին կողմէ։ Երէկ երեկոյեան այս ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ առաջին լսարանը, որու ատենախօսն էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ «Թուրքիոյ մէջ ատելութեան հարցեր. հայկական մտահոգութիւններ» խորագրեալ այս տեսաքոնֆերանսի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան։ Լսարանը վարեց լիբանանահայ մտաւորական տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ կը գլխաւորէ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը։ Աշխարհի գրեթէ բոլոր հայաբնակ երկիրներէն հետաքրքիրներ հետեւեցան այս առցանց քննարկման։ Կազմակերպիչները ծրագիրը այնպիսի ժամով մը նախատեսած էին, որ զանազան ցամաքամասերու մէջ օրուայ սկիզբին կամ վերջաւորութեան զուգադիպեցաւ լսարանը, ինչ որ դիւրութիւն մըն էր հետաքրքիրներուն տեսակէտէ։

Ելոյթի ընթացքին Արա Գօչունեան ընկերային ցանցերու ներկայ ժամանակաշրջանի իրողութիւններու լոյսին ներքեւ ներածական մը խօսեցաւ աշխարհի վրայ ատելութեան հարցերու, դրսեւորումներու կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ հայ իրականութեան՝ մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութեան։ Արդարեւ, հայկական համայնքները աշխարհի բազում երկիրներու մէջ կ՚ապրին փոքրամասնութեան կարգավիճակով։ Երկրագունդի վրայ ատելութեան երեւոյթներու ապրած վերելքը չափազանց մտահոգիչ է, որովհետեւ կը սպառնայ համակեցութեան, համագոյակցութեան նախընթացներուն, ինչ որ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ բացարձակապէս բաղձալի չէ։

Այս խնդրի Թուրքիոյ դրսեւորումներուն շուրջ ալ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ Արա Գօչունեան՝ պատասխանելով առցանց լսարանի մասնակիցներու զանազան հարցումներուն։ Ան յիշեցուց նաեւ վերջին շրջանին մեր համայնքի օրակարգին վրայ եկած զանազան խնդիրները՝ եկեղեցիներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւններէ սկսեալ մինչեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հասցէագրուած սպառնալիքներն ու ընկերային մետիայի «աստղ» Մուրատ Էօվիւչի գրառումները։ Լսարանի մասնակիցները հետաքրքրուած էին, թէ այս բոլորը մշտական վտանգի մը ազդանշաններն են, թէ ոչ զուգադիպած են այս շրջանին եւ «եղանակային» բնոյթ մը ունին։

Ի պատասխան Արա Գօչունեան յայտնեց, որ ատելութեան դրսեւորումները երբեք պէտք չէ ստորագնահատուին եւ անոնց դէմ միշտ պէտք է զգոյշ ըլլալ։ Յամենայնդէպս, ըստ իրեն, վերոյիշեալ բոլոր դէպքերու պարագային շատ կարեւոր էր իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքը։ Արդարեւ, պետութիւնը ամենաարագ ձեւով արձագանգած է այս խնդիրներուն եւ պատկան մարմիններու միջամտութիւններուն շնորհիւ արդէն համապատասխան դատական գործերը սկսած են։ Այս քաղաքական կամքը մեծ նշանակութիւն ունի եւ կարեւոր չափով փարատած է մեր համայնքին մտահոգութիւնները։

Առցանց քննարկման ընթացքին Արա Գօչունեան նշեց նաեւ, որ թրքահայութիւնն ալ իր բոլոր լծակներով այդ բոլորին դէմ հակազդած է նպատակասլաց ձեւով։ Պատրիարքական Աթոռը, համայնքային մամուլը, մեր հաստատութիւնները, ընկերային ցանցերու վրայ համայնքի անհատները շատ կարեւոր գործ տեսած են։ Թէ՛ համայնքէ ներս պահպանուած է պաղարիւնութիւնը եւ թէ լայն հասարակութեան փոխանցուած է անհրաժեշտ պատգամը։ Այս բոլորին շնորհիւ Թուրքիոյ հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերը միացած են թրքահայ համայնքի դիմագրաւած անհանգստութեան։ Համայնքը յաջողած է այսպիսի տարրական հարցի մը պարագային ապահովել հասարակութեան բոլոր խաւերու զօրակցութիւնը, ինքզինք առարկայ դարձուցած է այդ բոլորի զգայնութեան, ինչ որ կը համարուի մեծ ձեռքբերում մը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F25-06-2020-առցանց-հարթակ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın