İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թագաժահրի (Coronavirus) համավարակի օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս տասն եւ երրորդ հատոր լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասէն Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի «Յովհաննէս Սրկ. Վրդ.ի մատենագիտութիւն եւ խրատական գործերը» խորագրեալ աւարտաճառը։

Հեղինակ Տէր Հայրը Գէորգեան Ճեմարանի ուսման ընթացքին, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, եւ Ճեմարանի տեսչութեան կը ներկայացնէ որպէս աւարտաճառ։ Այլ խօսքով՝ աւելի մասնագիտական գործ մըն է։ Հատորը կը բացուի Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդող խօսքով։

Աշխատասիրութիւնը՝ 16.5*23.5սմ. չափերով 160 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ Արժանապատիւ Հեղինակը կը պարզէ իր նախնական նպատակը, որ համառօտ ուսումնասիրութիւն մը կատարել եղած է։ Նկատի ունենալով միջնադարու մեծ մատենագիր Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետի խրատական գործերու Հայ հոգեւոր գրական ժառանգութեան մէջ ունեցած կարեւոր տեղն ու այս մասին լուրջ ուսումնասիրութեան մը բացակայութիւնը, գործի լծուած է։ Ան ջանացած է կազմել Սարկաւագ Վարդապետի լիակատար մատենագիտութիւնը։

Ան նախ ուսումնասիրած է Սարկաւագ Վարդապետի կենսագրութիւնը, ընդհանուր եւ խրատական գործերու մասին աշխատասիրութիւնները։ Ներկայացուցած է Անոր գործերու մատենագիտութիւնը։ Ընդարձակ գլուխի մը ներքեւ հաւաքած է Սարկաւագ Վարդապետի խրատական գործերու բնագրերը։

Բաղդատաբար փոքրածաւալ, սակայն մասնագիտական գիրքի գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի եւ Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է անանուն բարերար մը, ի յիշատակ իր հանգուցեալ հարազատներուն։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/a.127587797401112/1559430350883509/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın