İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՕԼ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ՁԵՌԱՄԲ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԻՒՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Յունիս 2020, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի Վարչութեան Ատենապետ՝ Սարգիս Քիւլէկէչն ու Էրօլ Սարաֆեանը։

Համայնքիս նշանաւոր արուեստագէտներէն Էրօլ Սարաֆեան, վերջերս պատրաստած էր Նորին Ամենապատուութեան գեղեցիկ մեծադիր իւղանկարը։ Սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ, հիւրեր Պատրիարք Հօր յանձնեցին այս մեծադիր իւղաներկը, շնորհաւորելով Նորին Ամենապատուութեան գահակալութիւնը։ Էրօլ Սարաֆեան երբեմնի Պատրիարքներու եւս դիմանկարները գծագրած էր եւ այս վերջին աշխատութիւնը, օղակ մը եւս կը բեռցնէր անցեալի գեղարուեստական գործունէութեանց։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն անակնկալին համար։ Էրօլ Սարաֆեան արդէն իսկ իր գեղարուեստական որակով նշանաւոր դարձած էր Պոլսոյ մէջ եւ իր գործունէութիւնը միշտ գնահատելի դարձած՝ համայնքնէ ներս։ Պատրիարք Հայրը, իրեն մաղթեց բազմաբեղուն գործունէութիւն եւ նորանոր նուաճումներ։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/a.127587797401112/1559424367550774/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın