İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Ամավերջեան հանդէս

17 Յունիս, 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Ամավերջեան հանդէսը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը վստահուած էր Վարժարանի քարտուղար՝ Բարեշնորհ Աշոտ Սարկաւագ Ղազարեանին: Երեկոյի ողջ ընթացքին Ընծայարանի եւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի շրջանաւարտներ եւ Ժառանգաւոր սաներ հանդէս եկան իրենց ուղերձներով, ասմունքով, մեներգերով ու խմբերգերով, ինչպէս նաեւ դաշնակի գեղեցիկ կատարումներով:

Հանդիսութեան վերջաւորութեան Վարժարանի Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Թէոդորոս Վարդապետ Զաքարեան հրաւիրեց Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը, որպէսզի յանձնէ Շրջանաւարտներու վկայականները ինչպէս նաեւ Վարժարանի եւ Ընծայարանի առաջադէմ ուսանողներու մրցանակները:

Մրցանակներէն զատ Շրջանաւարտներուն համար նուէրներ պատրաստած էին նաեւ Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան Վարչութիւնը, Աւագեան քոյրերը, Օրիորդ Տինա Պլոքլանտ եւ Բուժքոյր Սեդա Կէճէքուշեան:

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումէն յետոյ Տեսուչ Հայր Սուրբը հրաւիրեց Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ Շրջանաւարտներուն եւ կատարէ փակման խօսքը: Երեկոն փակուեցաւ Ս. Աթոռոյս Օրհներգով եւ Պահպանիչով, ապա ներկաներ պատուուեցան հիւրասիրութեամբ:

https://www.facebook.com/StJamesBrotherhood/photos/ms.c.eJxFkdkNxEAIQztaMRwG~_m9sFU8gv5b9MGBingVrU0R3~;IyCl5kCJ84rRFm3aZ4cwUEhfAS5EdsIHigEAw1VRrJGCKWjdBlFhmIjZBxZBi7DluFCAfIKeR2xDrg9q5lOU286StYh~;Qjor~;pdznY5jdujh2EcWykr3Oo91T15sdK5mMcd6zPWTz4R3Zs6eI~_TutDmV3QjeXvE9lChwz~_Gc4pNDxz2QI0DyqYi65DggbBvqKRQ8geXYW7F.bps.a.3034784029932898/3034784833266151/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın