İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՀՀ-ԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ ԽՆԴՐԱՆՔՈՎ ԵՐԿՐԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԾ Է

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին երկրին մէջ վարակման ցուցանիշի մտահոգիչ աճէն մեկնած երկրի կառավարութենէն խնդրած է անյապաղ օգնութիւն յատկացնել Հայաստանի Հանրապետութեան պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարին համար: Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ երկրին մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է աւելի քան 16.000-ի, իսկ Աւստրալիոյ մէջ միեւնոյն ժամանակահատուածին մէջ գրանցուած ցուցանիշը 7.320 եղած է, իսկ վերջին շրջանին տարուող աշխատանքներուն շնորհիւ օրական ընդամէնը 5-10 նոր պարագաներ ի յայտ կու գան:
Բացի այդ, նշուած է` յանձնախումբը կապ հաստատած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Առողջապահութեան Նախարարութեան հետ ու տեղեկացած է անհրաժեշտ բուժսարքաւորումներու մասին, որմէ ետք այդ սարքաւորումներուն ցանկը փոխանցած է Աւստրալիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն եւ առողջապահական հարցերու մասնաւոր արդիւնաբերութեան ոլորտի փորձագէտներուն:
Այս առնչութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան ըսած է. «Մեր համայնքը շատ անհանգստացած է Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակման պարագաներուն աճով, որ օրէ օր հարիւրներով կ’աւելնայ: Մեր պարտքն է աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանի մէջ բնակող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն» ու յոյս յայտնած է պսակաձեւ ժահրի դէմ բարեյաջող պայքար մղող Աւստրալիան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրնայ օգնութիւն տրամադրել:

http://www.kantsasar.com/news/18676-2/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın