İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐԱԿԵՐՏ ՇԻՐԻՄԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ

Պատրիարքական Աթոռոյս 84րդ գահակալ Երանաշնորհ ՄեսրոպԲ. Պատրիարքի նորակերտ շիրիմի բացումը կատարուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։

Երանաշնորհ Պատրիարքին նորակերտ շիրիմի պատրաստութիւնը աւարտած ըլլալով, 16 Յունիս 2020, Երեքշաբթի առաւօտ, ժամը 10.30-ին Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մուտքին կազմուեցաւ թափօր մը սարկաւագներէ, քահանաներէ եւ վեղարաւոր հայրերէ, գլխաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Իսկ գերեզմանատան կուսակրօն հոգեւորականներու թաղին մէջ՝ Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմին շուրջ հաւաքուած էին Տիրամայր Մարի Մութաֆեան, ընտանեկան պարագաները, համայնքային հաստատութեանց, թաղային խորհուրդներու եւ զանազան հաստատութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալներ։

Շարականներու երգեցողութեամբ թափօրը հասաւ Երանաշնորհ Պատրիարքի շիրիմին առջեւ, ուր ներկաներ անակնկալի մը հանդիպեցան. Սփռուեցաւ աղօթք մը Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի ձայնէն, ինչպէս նաեւ 2005 տարւոյ Ս. Զատկին, Երուսաղէմի մէջ՝ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանի վրայ մատուցած Ս. Պատարագի ընթացքին խօսած քարոզը։

Ապա սկսաւ կանոնական հոգեհանգստեան կարգը, որ Մաշտոց մատեանի յատուկ աղօթքով յիշուեցաւ մեր Երանաշնորհ Պատրիարքը։

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ
Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց իր խօսքը, բնաբան ունենալով «Հող էիր եւ հող պիտի դառնաս» սուրբ գրական խօսքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ մարդ կը թաղուի հողի մէջ, ինչպէս նաեւ իր սիրելիներուն սրտերուն ու մտքերուն մէջ։ Քրիստոնէական մերձեցումով կայ պարագայ մը եւս. Մարդ կ՚ուզէ թաղուիլ նաեւ Աստուծոյ սրտին մէջ։ Մեսրոպ Պատրիարք այնպէս անձ մը եղաւ։ Իր ողջ կեանքը նուիրեց իր ժողովուրդին եւ տարիներու ծառայութեան ընթացքին շատ շատերու կեանքը փոխեց։ Աստուծոյ Խօսքը դրաւ մեր սրտերուն մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ որ Երանաշնորհ Պատրիարքի գրած կամ արձանագրուած ձայնը հրատարակելով մեր ժողովուրդը կրկին դաս պիտի առնէ Մեսրոպ Վարդապետէն, Մեսրոպ Սրբազանէն կամ Մեսրոպ Պատրիարքէն։

Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս ցաւակցեցաւ Մեսրոպ Պատրիարքի Տիրամօր եւ ընտանիքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որոնք ծնունդ տուած էին մեր Երանաշնորհ Պատրիարքին։

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Ապա Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ճարտարապետ Վազգէն Պարընի, որու ծրագրով պատրաստուած էր մարմարիոն շիրիմը, ինչպէս նաեւ Եթքին Պէրպէրօղլուի՝ որու բարերարութեամբ ու խնամքով պատրաստուեցաւ գեղեցիկ շիրիմը։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութեան գիրեր յանձնեց զոյգ երախտաւորներուն։

Պատրիարք Հօր խօսքէն ետք, հոգեւոր հայրեր վար առին նորակերտ շիրիմը ծածկող սեւ շղարշը։

ՇԻՐԻՄԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շիրիմի արձանագրութիւնն է հետեւեալը.
ԱՍՏԻ ՏԱՊԱՆԻՍ ԱՄՓՈՓԵԱԼ ԿԱՆ 
ԶՆՇԽԱՐՍ ՏԵԱՌՆ ՄԵՍՐՈՊԱՅ Բ. 
ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՊՈԼՍԵՑՒՈՅ. ՁԵՌՆԱՍՈՒՆ 
ՏԵԱՌՆ ՇՆՈՐՀՔԱՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ. ՈՒԽՏԵԱԼ 
ՔԱՋԱՔԱՐՈԶ ԲԱՆԻՆ ԿԵՆԱՑ. ԱԽՈՅԵԱՆ 
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴ 
ՀՈՎԱՆԵԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԾՆՈՂԻՆ ԻՒՐՈՅ. 
ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԵՍՈՒՉ ԻՇԽԱՆԱՑ ԿՂԶԵԱՑ 
ՄԵԾԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՊՈԼՍՈՅ. 
ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՏԵՍՈՒՉ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ 
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԼՍԱՐԱՆԻՆ. 
ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ. 
ՎԱՐԵԱՑ ԶՊԱՇՏՕՆՍ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, 
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ 
ՀՈՒՍԿ ՏԵՂԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐՄԷ ՅԵՏԷ 
ԸՆՏՐԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ 
ԵՒ ԳԱՀԱԿԱԼԵԱՑ ԶԱՄՍ ԻՆՆ. 
ԿՈՐՈՅՍ ԶԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆՆ ԻՒՐ ԵՒ ՅԵՏ 
ԵՐԿՈՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 
ՅԱՆԿՈՂՆՈՅ ՎՃԱՐԵԱՑ 
ԶԿԵԱՆՍ ԻՒՐ Ի ՅՈՅՍ ԿԵՆԱՑՆ 
ՅԱՒԻՏԵՆԻՑ։

ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐ
Նոյն առթիւ, արարողութեան մասնակիցներուն բաժնուեցան ձայնասկաւառակներ, որոնց մէջ կային Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ձայնով վերոնշեալ աղօթքն ու քարոզը։

«Յիշատակն արդարոյն, օրհնութեամբ եղիցի։
… Եւ Սուրբ Աթոռոյս յիշատակ ընծայողաց Ինքն ողորմեսցի»։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/pcb.1553810754778802/1553810111445533/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın