İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ Տ ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 Մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու Օր. Առլին Եշիլթէփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։

Կողմերը ընդառաջած էին հրաւէրին ու հաղորդուած էր, թէ հանդիպումը պիտի կայանար Պատրիարքարանի մէջ, բնականոնացման ընթացքէն ետք։

Այսօր՝ 4 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 09.15ին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարտուղար Տիար Վաղարշակ Չիլճեան Պատրիարքարանի քարտուղարութեան հետ հեռախօսային կապ հաստատելով տեղեկացուցած էր թէ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն Տիար Սիմոն Չէքէմ եւ Տիկին Պէրրին Տայան պիտի չմասնակցէին ժամը 11.00-ին կայանալիք ժողովին։

ժողովականներ ցաւ յայտնած էին, թէ առ ոչինչ համարուած էր Պատրիարքական Աթոռի եւ հանրային կարծիքի երկխօսութիւն հաստատելու կամքը, որ նաեւ ուղղակի անարգանք էր Նուիրապետական Աթոռոյս նկատմամբ։

Ի տես սոյն անարգական կեցուածքին թէ՛ Աթոռոյս եւ թէ՛ համայնքիս դրսեւորած կամքին նկատմամբ, Նորին Ամենապատուութեան տնօրինումով Պէյօղլուի զոյգ եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւներ ցնոր տնօրինութիւն կը դադրին պաշտօնավարելէ Թաղային Խորհրդոյ խնամքին յանձնուած Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն ու Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցեաց մէջ։ 

Նոյն ուղղութեամբ ցնոր տնօրինութիւն չեն կատարուիր խորհրդակատարութիւններ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններ յիշեալ եկեղեցեաց մէջ։ Սակայն, նախապէս հրաւիրագիր բաժնուած 28 Յունիս 2020 թուակիր Ս. Պսակի արարողութիւնը հարկադրաբար պիտի կատարուի։ 

Միւս կողմէ, բնականաբար բաց են եկեղեցիները անհատական աղօթքի ու մոմավառութեան համար։

Կու գանք տեղեակ պահել մեր համայնքի անդամները, որոնք յառաջիկայ օրերուն կը ծրագրեն Ս. Պսակի ու Ս. Մկրտութեան արարողութիւններ կատարել սոյն եկեղեցեաց մէջ։

Զայս ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր համայնքի ուշադրութեան։

Դիւան Պատրիարքութեան

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1542721142554430/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın