İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԵԱՆՑ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Պատրիարքական Աթոռը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է համայնքիս կեդրոնն ու վերին իշխանութիւնը, բոլոր հոգեւոր եւ այլ ոլորտներէն ներս։
Նախահանրապետական կղերապետական վարչութեանց շրջանին Պատրիարքական Աթոռը իր ուրոյն կարգավիճակով գլխաւորած է համայնքային կեանքը։

Հանրապետական շրջանին աշխարհավար վարչութեան սկզբունքներուն զուգահեռ Պատրիարքական Աթոռը դարձած է ընդհանրապէս հոգեւոր վերին իշխանութիւն՝ պահելով նաեւ համայնքի աշխարհական վարչութեանց վրայ ունեցած իր բարոյական իրաւատիրութիւնը։

Պատրիարքական Աթոռի բարոյական իրաւատիրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու պատիւը կ’ընծայուին համայնքիս քրիստոնէական ու հայեցի աւանդական արժէքներուն նկատմամբ նախանձախնդիր անհատներու եւ անոնց կողմէ գոյացած ու համայնքիս անդամներէ ընտրուած վարչութեանց կողմէ։

Առ այդ, Պատրիարքական Աթոռը ո՛չ հոգեւոր վարչական գետնի վրայ իր բարոյական իրաւատիրութիւնը ի գործ դնելով կարելին կը կատարէ հարթելու համար գոյացած հարցերը եւ այդ ուղղութեամբ կը կատարէ հայրական թելադրութիւններ եւ կը կազմէ երկխօսութեան հարթակներ, դրսեւորելով Աթոռին կամքը։

Աշխարհավար սկզբունքներով գոյացած վարչութեանց անդամներ երբ որեւէ վարչական հարցի մը լուծման համար կը յենուն միայն օրինական տրամադրութեանց ու կ’անտեսեն զիրենք ընտրող եւ ընդհանուր առմամբ համայնքապատկան հաստատութեանց բարւոք ընթացքին ուղղեալ կամքն ու թելադրութիւնները եւ կը ձգտին անարգել Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր ու բարոյական հեղինակութիւնը, Աթոռի կեցուածքն ու կարգադրութիւնները կ’ըլլան միայն Աթոռոյս հոգեւոր տնօրինութեանց համաձայն։ 

Զայս ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր համայնքի ուշադրութեան։

Դիւան Պատրիարքութեան

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1542695109223700/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın