İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, նախապէս հրապարակուած էր, թէ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը որոշած էր յառաջիկայ ամիսներուն վերջ տալ Էսաեան Վարժարանի զոյգ տնօրէններ՝ Տիկին Սաթենիկ Նշանի ու Օրիորդ Առլին Եշիլթէփէի պաշտօններուն։

Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հայրը այս մասին 16 Մայիս 2020 թուակիր նամակով մը հաղորդած էր Թաղային Խորհուրդին, թէ անընդունելի գտած էր եղելութիւնը եւ թելադրած՝ թէ պէտք էր վերատեսութեան ենթարկել որոշումը։

Նորին Ամենապատուութիւնը 18 Մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու Օր. Արլին Եշիլթէփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։

Կողմերը ընդառաջած էին հրաւէրին ու հաղորդուած էր, թէ հանդիպումը պիտի կայանար Պատրիարքարանի մէջ, բնականոնացման ընթացքէն ետք։

Պատրիարքական Աթոռը կողմերը հրաւիրած էր 4 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 11.00ին Պատրիարքարանի մէջ կայանալիք խորհրդակցական հանդիպումին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կայանալիք հանդիպումին պիտի մասնակցէին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն Տիար Սիմոն Չէքէմ եւ Տիկին Պէրրին Տայան, Էսաեան Վարժ. Տնօրէնուհիներ՝ Տիկին Սաթենիկ Նշան եւ Օրիորդ Առլին Եշիլթէփէ, ՀԱՅՀԻՄի Դիւանի Բ. Ատենապետ՝ Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, ՀԱՅՀԻՄի Դիւանի Անդամ՝ Տիար Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ Ուսուցչաց Հիմնարկէն Տիար Սարգիս Էրքօլ։

Այսօր՝ 4 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 09.15ին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարտուղար Տիար Վաղարշակ Չիլճեան Պատրիարքարանի քարտուղարութեան հետ հեռախօսային կապ հաստատելով տեղեկացուցած է թէ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն Տիար Սիմոն Չէքէմ եւ Տիկին Պէրրին Տայան պիտի չմասնակցէին ժամը 11.00-ին կայանալիք ժողովին։

Հակառակ անոր, որ Տիար Չէքէմ մեր Հոգեւոր Պետին պատրաստակամութիւն յայտնած էր երկխօսութեան հանդիպումին ներկայ ըլլալու, կը յայտնուէր, որ իր մերձեցման մէջ մտերիմ չէր։

Միւս կողմէն, ժողովականներ ցաւ յայտնեցին կատարուած իրողութեան դէմ, ուր առ ոչինչ համարուած էր Պատրիարքական Աթոռի եւ հանրային կարծիքի երկխօսութիւն հաստատելու կամքը, որ նաեւ ուղղակի անարգանք էր Նուիրապետական Աթոռոյս նկատմամբ։

Բաց աստի, յաչս հանրային կարծիքի, օրինականութիւնը հարցադրուած վարչութեան մը կայացուցած եւ բարոյական սկզբունքներու ներհակ որոշման դէմ պայքարելու շարունակութիւնը ընկալուած է որպէս ամենաճիշդ լուծում։

Խորհրդակցական հանդիպումի աւարտին, յանուն արդարութեան որոնման Պատրիարքարան եկած Էսաեան Վարժարանի ուսուցիչներ, ծնողներ եւ համայնքէն անհատներ հրաւիրուեցան Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր իրենց հաղորդուեցաւ հանդիպման արդիւնքը։

Նորին Ամենապատուութիւնը հայրաբար թելադրեց, որ պայքարի եւ այլընտրանքներու առաջարկման ընթացքին նկատի ունենան համայնքի անդորրութիւնը ու մնան յարգանքի պարտադրած սահմաններուն մէջ։

Զայս ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր համայնքի ուշադրութեան։

Դիւան Պատրիարքութեան

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1542558609237350/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın