İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՏՈՒԿ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ եզակի նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, ան համացանցային յատուկ կայքէջ մը հաստատեց երեխաներու համար։ Նոր սերունդի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունքի իսկապէս վառ արտայայտութիւն մըն է այս մէկը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի երեխաներու համար նախատեսուած կայքէջը սկսաւ գործադրուիլ երէկ, երբ կը նշուէր Երեխաներու իրաւունքի միջազգային օրը։

Երեխաներու համար նախատեսուած նախագահական կայքէջը հայերէնով եւ անգլերէնով է, շուտով պիտի ունենայ նաեւ ռուսերէն տարբերակ մը։ Տղաքը այնտեղ կրնան գտնել մատչելի ուսուցողական տեղեկատուութիւն, տեսանիւթի միջոցաւ համառօտ կրնան ծանօթանալ Հանրապետութեան նախագահի գործառոյթներուն, նախագահական երդման բնագրին։ Անոնք կրնան տեղեկանալ նաեւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ինչպէ՛ս կ՚ընտրուի, ո՛վ կրնայ ըլլալ նախագահ եւ այլն։

Կայքէջի այցելուներուն հասանելի է նաեւ հակիրճ տեղեկատուութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր սահմանադրութեան մասին։ Կայքէջը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ եռաչափ առցանց շրջայց կատարելու նախագահական ապարանքէն ներս, նաեւ նոյն ձեւաչափով հեռավար դրութեամբ մասնակցելու Պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր հերթափոխին։ Նոյն ձեւով կարելի է զբօսնել նախագահական ապարանքի վարչական շէնքի յարակից տարածքէն ներս, որ այցելուներու համար ալ բաց է որոշ ժամով։ «Երեխաներու անկիւն» հատուածի միջոցաւ առցանց տարածքի այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ուսուցողական խաղեր խաղալ եւ ստուգիչ հարցերու միջոցաւ ամրապնդել իրենց գիտելիքները։

Կայքէջը ունի մանկական տեսադարան մը, ուր յառաջիկային պիտի ներկայացուին երեխաներու կողմէ ուղարկուած լաւագոյն տեսանիւթերը։ Անոնք կրնան նկարահանել տեսանիւթեր իրենց արտասովոր տաղանդի, գիտելիքի, հմտութիւններու, կարողութիւններու, մտքերու, երազներու եւ ցանկութիւններու վերաբերեալ։

Կայքէջի համապատասխան բաժնին մէջ երեխաները կրնան նաեւ ներկայացնել իրենց առաջարկները՝ այդպէսով իւրովի մասնակցութիւն ունենալով կայքէջի ձեւին ու բովանդակութեան։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կայքէջի բացման հակիրճ պատգամով մը կ՚ողջունէ նոր սերունդի ներկայացուցիչները։ «Մեր ծրագրերուն մէջ երեխաներն ու պատանիները մշտապէս ուշադրութեան կեդրոնին են։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ պարգեւն է, դուք էք մեր ապագան կերտողները, մեր ժողովուրդի արժանի յետնորդները», նշած է ան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F2-06-2020-յատուկ-վերաբերմունք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın