İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Քորոնաժահրի համաճարակէն վերջ առօրեայի աստիճանական բնականոնացման մթնոլորտին մէջ երէկ բովանդակ Թուրքիա հետեւեցաւ պատմական Գոց շուկայի վերաբացման։ Մօտաւորապէս երեք ամիսէ ի վեր թէ՛ պատմական Գոց շուկան եւ թէ նոյնպէս պատմական Եգիպտական շուկան փակ կը մնային։ Անոնց վերաբացուիլը եղաւ խորհրդանշական իրադարձութիւն մը՝ քաղաքէ ներս առեւտուրի վերսկսման առումով, ինչ որ բնականոն կեանքի հիմնական ցուցանիշներէն մին կը համարուի։

Գոց շուկայի վերաբացումը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը՝ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան եւ Գոց շուկայի վարչութեան նախագահ Ֆաթիհ Քուրթուլմուշ։ Նուրուօսմանիյէի մեծ դրան առջեւ տեղի ունեցաւ 559 տարուան պատմական շուկայի վերաբացումը։ Առայժմ Գոց շուկայի միայն տասն դռները բացուած են։

Թէ՛ Գոց շուկայի եւ թէ Եգիպտական շուկայի խանութպանները՝ տեղական մամուլին տրուած զանազան հարցազրոյցներու մէջ  ընդգծեցին, որ առեւտուրի թափ ստանալը կախում ունի զբօսաշրջիկներու վերադարձէն։

Գոց շուկայի մուտքին բաւական խիստ նախազգուշական միջոցներ կը գործեն։ Պաշտօնեաներ բոլոր այցելուներու ջերմութիւնը կը չափեն։ Շուկայի խանութներէն ներս առաւելագոյն երեք հոգի կրնայ աշխատիլ։

Իր կարգին կուսակալ Ալի Երլիքայան ալ յայտնեց, որ մօտաւորապէս երեք ամիսէ ի վեր տնտեսապէս դանդաղած էինք, սակայն փութով պիտի վերականգնուինք։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F2-06-2020-խորհրդանշական-քայլ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın