İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, նախապէս հրապարակուած էր, թէ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը որոշած էր յառաջիկայ ամիսներուն վերջ տալ Էսաեան Վարժարանի զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու Օր. Առլին Եշիլթէփէի պաշտօններուն։ 
Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հայրը այս մասին 16 Մայիս 2020 թուակիր նամակով մը հաղորդած էր Թաղային Խորհուրդին, թէ անընդունելի գտած էր եղելութիւնը եւ թելադրած՝ թէ պէտք էր վերատեսութեան ենթարկել որոշումը։
Նորին Ամենապատուութիւնը 18 Մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու Օր. Արլին Եշիլթէփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։
Կողմերը ընդառաջած էին հրաւէրին ու հաղորդուած էր, թէ հանդիպումը պիտի կայանար Պատրիարքարանի մէջ, բնականոնացման ընթացքէն ետք։
Այսօր, հրաւէր մը ուղղուած է ժողովի համար, որ պիտի կայանայ 4 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 11.00ին Պատրիարքարանի մէջ։

Ժողովի մասնակիցներն են՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայր
Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Կրօն. Ժող. Ատենապետ
Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան Պատրիարքական Փոխանորդ
Տիար Սիմոն Չէքէմ Պէյօղլուի Թաղ. Խորհուրդ
Տիկին Պէրրին Տայան Պէյօղլուի Թաղ. Խորհուրդ
Տիկին Սաթենիկ Նշան Էսաեան Վարժ. Տնօրէնուհի
Օր. Առլին Եշիլթէփէ Էսաեան Վարժ. Տնօրէնուհի
Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլ ՀԱՅՀԻՄի Դիւանի Բ. Ատենապետ
Տիար Սարվէն Սէրթշիմշէք ՀԱՅՀԻՄի Դիւանի Անդամ
Տիար Սարգիս Էրքօլ Ուսուցչաց Հիմնարկ

Ուրախութիւնն ու յոյսը ունինք եւ վստահ ենք, թէ կողմեր առաջին օրուան պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերեն երկխօսութեան սեղանի մը շուրջ հաւաքելու։ 

Զայս ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր համայնքի ուշադրութեան։

Դիւան Պատրիարքութեան

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1539968386163039?__tn__=K-R0.g

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın