İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆՏՐԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Սիրելի Արա Գօչունեան,

Կը հետեւիմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, գրեթէ օրը օրին։

Այս օրերուն, զիս շատ կը յուզէ տնօրէնուհիներուն՝ այսպիսի օրերուն մանաւանդ, անակնկալ հեռացումը իրենց նուիրական պաշտօնէն։

Արիւնաքամ եղող հայ դաստիարակներու-մանկավարժներու հանդէպ նմա՞ն վերաբերմունք…

Սիլվա Գույումճեանի էլէքթրոնիք հասցէն չունիմ, որպէսզի ուղղակի իրեն ղրկէի։

Եթէ պատշաճ կը նկատէք՝ իմ ալ զսպուած զայրոյթս նման որոշումներու դէմ, կը ղրկեմ ձեզի։

Ազգովին տեղ չենք հասնիր այնքան ատեն որ հեռանկար չունինք. հեռանկար մը ո՛չ միայն վաղուայ համար, այլեւ՝ յառաջիկայ տասնամեակներուն եւ դարաշրջանին համար։

Իրարու ետեւէ քիչ մը ամէն սփիւռքեան մեր օճախներու մէջ հայ վարժարաններ կը փակուին․․․

Համընդհանուր կոչի պէտք ունինք։

Յարգանօք եւ երախտագիտութեամբ ձեր կատարած աշխատանքին՝

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
(Նախկին տնօրէնուհի Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի)

27 մայիս 2020 – Springfield – PA

Սիլվա Գույումճեանին
Վշտակից՝ Զարմինէ Պօղոսեանէն

Սիրելի իմ Սիլվա
Հաւատաւոր հայուհի, տնօրէնուհի
Այո՛, պոլսեցի մը չեմ թէեւ․․․
Այլ՝ միայն խնկարկու մը Մեսրոպեանի՛ն։
Շատ նման ձեզի, Սաթենիկին ու Առլինին,
Կարդացի տողերդ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջին՝
Սրտիս զարկերուն զուգահեռ ռիթմով։
Ողջմիտ, արդար ու տեղին քու հարցումներդ
Ահա նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէկ անկիւնէն
Կը ղօղանջեն տխուր, մեծ զարմանքով, վրդովմունքով։
Հարցումներու շարանդ՝ ՈՒՆԻ՞ՆՔ-ներով ճիշդ ու տեղին,
Տասնաբանեայ մըն է անտեսուած մեր համայնքներէն,
Գրեթէ բոլոր սփիւռքեան մեր օճախներէն։
Անկար ու անգէտ՝ կրթական հեռանկարէ զուրկ,
Ազգային աթոռներու հետ նոյնացած ինքնակոչ անհատներ
Ազգին գալիք սերունդներուն ճակատագիրը
Գրաւ դնելով՝ կը վազեն խելայեղօրէն,
«Հասութաբեր» խաղավայրերու օրէնք-կշռոյթով։
Մինչ օրը-օրին կ՚օտարանան, կը հեռանան,
Կը մոխրանան մեր կրթական օճախները,
Անհոգի պատմութեան արխիւներուն յանձնելու զանոնք՝
Կը կորսնցնենք գուրգուրանքով աշխարհ եկած
Մե՛ր իսկ զաւակները՝ ԱՅԲ-ԲԵՆ-ԳԻՄ-ով դիեցուած։
Այո՛, սիրելի Սիլվա, ԸՆՏՐԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։
Սարդարապատեան յուշատօնին հետ…
Ինչո՞ւ չկարենանք, ինչո՞ւ
Ձա՛յն բարձրացնել, զանգեր հնչեցնել,
Հնարը գտնել պարոյրսեւակեան «Խենթերու» շարանով …
Երկրագունդի չորս ծագերէն
Ա՛լ կը բաւէ, հայ ժողովուրդ։
Թմրութեան հետ հաշտ ապրելու,
Անտարբերութեան ախտը ընդունելով՝
Ձեռնածալ նստիլ ու…
Հայ դպրոցին, մանկավարժին մահուան սպասել։
Այո՛, գոյատեւե՞լ թէ արխիւ դառնալ.
ԸՆՏՐԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։

ՆԱՄԱԿ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութիւն,

Մեծ հաճոյքով կարդացի  Կեդրոնական ազգային  վարժարանի տնօրէն՝ տիկին Սիլվա Գույումճեանի շատ շահեկան, խորաթափանց եւ իսկապէս կարեւոր յօդուածը՝ ձեր թերթի 27 մայիս, 2020 թուականի թիւին մէջ, հայկական դպրոցներու մասին։

«Դէպի ո՞ւր․․․», այո, դէպի ո՞ւր պիտի երթան հայ վարժարանները եւ հայ համայնքները՝ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, ուր բազմաթիւ դժուար պայմաններ եւ խրթին հարցեր  կան։ Նոյնն է պարագան սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ։

Տիկին Գույումճեան տարիներու իր փորձառութեան վրայ յենած՝  լուրջ ուսումնասիրութիւն ըրած՝ կը ներկայացնէ շինիչ  հիմնական ութ առաջարկներ, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ զգալի եւ գործնական բարելաւումներ մտցնել պոլսահայ հայկական կրթական կեանքին մէջ։ Այսպէսով պոլսահայ գաղութն ալ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ երկարաձգելու իր գոյութիւը։

Շնորհակալութիւն տիկին Գույումճեան ձեր ուղեցոյցին համար։

ՓՐՈՖ․ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
(30 տարուան հայ լեզուի ուսուցիչ)

Լոս Աճելըս, Քալիֆորնիա

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-05-2020-ընտրե՛նք-մեր-ուղին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın