İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…

ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ ՈԼՈՐՏԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼԷ

ՄՈՒՏՔ

Վարի տողերը կը ցոլացնեն պոլսահայ համայնքի ներկայ վիճակին մասին համառօտ կարծիքս, որ առընչուած կը նկատեմ Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէններ՝ Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի անակնկալ պաշտօնազրկման հետ:

Էսաեանը մեր դարաւոր կրթական օճախներէն մին եղած է եւ հասցուցած՝ շրջանի մտաւորական կին սերունդը: Իր հիմնադրութենէն սկսեալ քոյր վարժարան համարուած է Կեդրոնականին, քանի Կեդրոնականը հիմնուած է 1886-ին՝ որպէս մանչերու բարձրագոյն վարժարան, առաջին ատենապետ եւ բարերար ունենալով Մկրտիչ Էսաեանը, իսկ Էսաեանն ալ 1895-ին՝ որպէս աղջկանց բարձրագոյն վարժարան նոյնինքն Մկրտիչի եւ եղբօրը՝ Յովհաննէս Էսաեանի կողմէ: Էսաեան վարժարանը ունեցած է նաեւ տասնամեայ շրջան մը (1939-1949), երբ պետականօրէն փակուած ըլլալով իր լիսէի բաժինը՝ աշակերտուհիները յաճախած են Կեդրոնական… Երկու վարժարաններն ալ հիմնադրուած են գրեթէ նոյն նպատակներով՝ ուսուցիչներ եւ զարգացած նոր սերունդ մը պատրաստել…

Նախակրթական դպրոցներու կողքին Ժամանակի ընթացքին պոլսահայութիւնը ունեցած է իր միւս երկրորդական դպրոցները՝ Մխիթարեան, Ս. Խաչ դպրեվանք, Սահակեան-Նունեան լիսէները՝ բոլորն ալ իրենց իւրայատուկ, նաեւ հասարակաց ոգիով:

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԸ…

Կրթական մարզի որպէս աշխատակից՝ կրնամ ըսել, որ չորս տասնեակէ ի վեր պոլսահայ համայնքի վարչայիններ անկասկած բարի կամեցողութեամբ կը տուայտին բարեփոխելու իրենց կրթական հաստատութիւններու դիմագիծը, նպատակ ունենալով անոնց ուսումնական մակարդակը բարձրացնել։ Այս ուղղութեամբ առնուած քայլերուն յաճախ չափանիշ եղած է օտար լեզուի ուսուցումը եւ նախակրթականի պարագային՝ օտար կամ «Անատոլու» լիսէ, իսկ լիսէի պարագային ալ համալսարան մուտքի յաջողութիւնը… Հապա՞ դպրոցին բուն առաքելութիւնը, հիմնադրութեան կէտ նպատակը…

Այսօր կարելի է ըսել, թէ հայ վարժարանը՝ հակառակ իր նիւթական եւ մարդուժի սահմանափակ կարելիութիւններուն, մեծ մասամբ կը գերազանցէ շատ մը պետական, մասնաւոր, նոյնիսկ օտար վարժարանները… Քանի ունի իր դարաւոր աւանդը, ոգին, իր վստահութիւն ներշնչող մթնոլորտը… Վկայ այն օտարները, որոնք շատ անգամ մեզմէ աւելի թափանցելով այս իրողութեան, կ՚ըսեն՝ «երանի մենք ալ…»։

Ահա վերջին փաստ մը… Համաճարակի այս օրերուն հայ վարժարաններ տնօրէն, ուսուցիչ՝ արագաքայլ յարմարեցան հեռակայ դասընթացքի դրութեան, բազմաթիւ «շքեղ» վարժարաններէ առաջ:

Հաստատութիւններու բարեփոխումը, անշուշտ, բնական եւ փափաքելի իրողութիւն մըն է՝ մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկան կրթականի նման լուրջ ու տինամիք գործընթաց մըն է…

Բայց պէտք չէ մոռնալ, թէ իւրաքանչիւր բարեփոխում կը կարօտի նախ գիտական վերլուծումի, լուրջ ուսումնասիրութեան… Հակառակը կրնայ տեղքայլի, նոյնիսկ ետքայլի յանգիլ:

Ընդհանրացած իրողութիւն է… Վասն դպրոցի բարելաւման նախ տնօրէնը փոխել… Տարիներ շարունակ փորձուած մեթոտ մը… Բայց շատ անգամ ապարդիւն եղած…

Սա չի նշանակեր, թէ տնօրէնը անփոփոխ է․․․ Անշուշտ թէ տնօրէնն ալ պիտի փոխուի, երբ որ հարկ է կամ անյետաձգելի, բայց երբեք կամայական կամ քմահաճօրէն․․․

Յիշենք նաեւ այն պարագաները՝ երբ թաղականութեան կողմէ հեռացուած է տնօրէնը եւ դպրոցը միջոց մը մնացած առանց հայ տնօրէնի… Նաեւ այն պարագաները՝ երբ դպրոցի մը տնօրէնութեան պաշտօնը յաճախակիօրէն փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, փորձել ու սխալելու դրութեամբ…

Եւ ահա վերջին փորձ… Երկու տնօրէնը մէկէն հեռացնել…

ՈՒՐԿԷ՞ ՍԿՍԻԼ…

Պոլսահայերս՝ որպէս ժամանակակից համայնք գոյատեւելու համար կը կարօտինք մեր կառոյցները վերաքննելու արդար դատողութեամբ մը… Թէ արդեօ՞ք.

Ունի՞նք կազմակերպուած մարմիններ, խմբային աշխատանքը իւրացուցած…

Ունի՞նք ծրագիրներ կրթական, մտաւորական, վարչական, ակադեմական, ֆինանսական ուժերու կողմէ տեղեկագիրներու հիման վրայ պատրաստուած…

Ունի՞նք վարչակազմեր ծրագիրները իրականացնելիք…

Ունի՞նք գոնէ ուսումնական, ելեւմտից խորհուրդներ…

Ունի՞նք խորհրդատուական եւ վերահսկող մարմիններ…

Ունի՞նք լուրջ ներդրումներ ամէն մարզէ մարդ պատրաստելու՝ մտաւորական, ուսուցիչ, տնօրէն, լրագրող, առողջապահութեան ծառայող…

Ունի՞նք բաւականաչափ միութենական կեանք, ուր երիտասարդը յարմար գետինը, մթնոլորտը կը գտնէ, որպէսզի իր ընտանիքէն, դպրոցէն յետոյ ծաղկի ու հասնի…

Եւ վերջապէս ունի՞նք լաւ պատրաստուած վաստակաշատ պաշտօնեաներ, որոնք մեր հաստատութիւններու հասարակաց յիշողութիւնը փոխանցելով կ՚ապահովեն առողջ սերնդափոխութիւն․․․

Անհրաժեշտ չէ՞ գիտակցիլ պատմութեան եւ զօրացնել պատկանելիութիւնը, ինքնութիւնը առարկայականօրէն, հեռու զգացականութենէ… Անշուշտ, անբախտութիւն մ՚է անտեղեակ պահուած ըլլալ ազգային պատմութենէն…

Միթէ՞ ողջմտութիւնը, ողջմտօրէն շարժիլը…

Երեքուկէս դար առաջ էր, երբ Կոլոտի գահակալութեամբ Հայ Պոլիսը դուրս ելաւ իր խառնաշփոթ վիճակէն…

Մէկուկէս դար առաջ էր, երբ Զարթօնքի գաղափարապաշտ սերունդը՝ պատրաստուած մարդուժով, դպրոց, մամուլ եւ թատրոնի առաջադրանքով մշակութապէս ծաղկեցուց պոլսահայութիւնը, գաւառը…

Երկու պարագաներուն ալ չունէինք փող, ունէինք մարդուժ, հեռանկար եւ ռգի…

Իսկ այսօ՞ր…

Պատմութեան անցնիլ՝ այս խառնակ վիճակէն դուրս գալով ողջմտութեամբ, գիտակցութեամբ…

Կամ ալ թաղուիլ պատմութեան խորքերը… Եւ գուցէ յիշուիլ․- «Այս հողերուն վրայ հայ ժողովուրդը դարերով, յետոյ ալ Պոլսոյ մէջ՝ որպէս փոքր բայց կազմակերպեալ համայնք ապրեցաւ իր լեզուով, մշակոյթով… Անոնք օր ըստ օրէ նուազեցան, քայքայուեցան, ցրուեցան…»։

Ընտրենք մեր ուղին…


(*) Էսաեանի սան (1959-1971)
Տնօրէն՝ Կեդրոնական Ազգ․ Վարժարանի

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/27-05-2020-դէպի-ո՞ւր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın