İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Ծանօթ է, թէ մերազն հաւատացելոց, թէ Քորոնա Ժահրի համավարակի պատճառաւ 16 Մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ստանպուլի մեր եկեղեցիները փակ են հաւաքական պաշտամունքի եւ միշտ բաց՝ մոմավառութեան ու անհատական աղօթքի համար։

Ծանօթ է կրկին, թէ տակաւ առ տակաւ բնականոնացման ընթացքը կը սկսի, անշուշտ նոր միջոցառումներով ու զգուշական քայլերով։

Այս ուղղութեամբ Պատրիարքական Աթոռը հետեւելով հանդերձ պաշտօնական ընթացքին ու մասնագէտներու տեսակէտին,  կը միտի աճապարանօք որոշում չկայացնել՝ միշտ մտածելով հաւատացելոց թանկագին առողջութիւնը։ Առայժմ, մինչեւ փառատին Աթոռոյս մտահոգութիւնները եւ որոշում կայանայ Պատկառելի Կրօնական Ժողովէ, հաւաքական պաշտամունքներ պիտի չիրականանան քաղաքիս եկեղեցիներուն մէջ։ Ապա, տակաւ պիտի վերսկսին խորհրդակատարութիւններն ու հաւաքական պաշտամունքները ըստ նոր կարգադրութեանց։

Միւս կողմէ, կրկին կը շեշտենք, թէ բաց են եկեղեցիներ ու դռները մոմավառութեան ու անհատական աղօթքի համար եւ Աթոռոյս կայքէջէն կը կատարուին Ս. Պատարագի սփռումներ։

Կ’աղօթենք ու անգամ մը եւս զգուշութեան կը հրաւիրենք մերազն ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի հեռու մնան իրենց առողջութիւնը վտանգելիք ընթացքէ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/յայտարարութիւն-ի-մասին-պաշտամունքի-վ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın