İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ԵՐԴՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կատարեց իր երդումը եւ պաշտօնապէս ձեռնարկեց աշխատանքի։ Արցախի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի երդման ու պաշտօնակալման արարողութիւնը։ Ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի այժմ արդէն նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան, նախկին նախագահներէն Արքատի Ղուկասեան, Արցախի ամբողջ պետական աւագանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։ Հայաստանէն ալ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս արարողութեան։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ փութացած էին մասնակցելու հանդիսաւոր արարողութեան։

Արցախի նորընտիր նախագահի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շուշիի մէջ։ Կազմակերպուած պաշտօնամուտի արարողութեան ժամանակ Արայիկ Յարութիւնեան կատարեց իր երդումը, որմէ վերջ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան օրհնեց զինքը։ Նորընտիր նախագահը հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։

Արարողութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը։

Միւս կողմէ, պաշտօնամուտի օրով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Իր կարգին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհաւորական մը ուղարկեց Արցախի նորընտիր նախագահին։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F22-05-2020-շուշիի-մէջ-երդում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın