İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԱՌԿԱԽԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՐԾԱՐԾԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պետրոս Շիրինօղլուի այս վերջին քայլի լոյսին տակ, Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս վերստին օրակարգի վրայ բերաւ՝ փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցը։ Ան գրաւոր հարցում մը ուղղեց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութեան հիման վրայ պատգամաւորը պահանջեց նախարարի գրաւոր պատասխանը։

Այս հարցադրման մէջ Կարօ Փայլան յիշեցուցած է, որ 19 յունուար 2013 թուականին ջնջուած է՝ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութիւններուն վերաբերեալ կանոնագրութիւնը։ Անցեալ եօթ տարիներու ընթացքին կառավարութիւնը նոր կանոնադրութիւն մը չէ պատրաստած՝ հակառակ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու խտացեալ պահանջներուն եւ յղացած լուծման առաջարկներուն։ Առանց ընտրութեան անցած այս եօթ տարիներու ընթացքին փոքրամասնական վաքըֆներու ղեկավարութիւնները տկարացան մահերու կամ հրաժարականներու պատճառով։ Պէյօղլուի նման կարեւոր վաքըֆներ կը ղեկավարուին միայն երկու հոգիի կողմէ՝ առանց քուէատուփով հաշուետու ըլլալու։ Երեխաներու ապագան կը բնորոշեն պատմական վարժարանները, որոնք կը ղեկավարուին վաքըֆներու վարչայիններուն կողմէ եւ կրթական մշակներու պարագային անոնց առած որոշումները ցասում յառաջացուցած են հայ համայնքէն ներս։ Քուէատուփով հակակշիռը ժողովրդավարական հաւաքականութեան մը համար անհրաժեշտութիւն է։ Կարօ Փայլան յիշեցուցած է, որ Մեհմէտ Նուրի Էրսոյէն առաջ հինգ նախարար խոստացած է այս խնդիրը լուծել, սակայն չեն կրցած լուծել։ Անցեալ տարի այժմու նախարարն ալ յայտնած էր, որ փութով պիտի լուծուի փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան խնդիրը, ինչ որ արձանագրուած էր խորհրդարանի ատենագրութիւններուն մէջ։ Փոքրամասնական վաքըֆները այդ խոստումի գործնականացումը կ՚ակնկալէին, սակայն ցայսօր չէ հրապարակուած նոր կանոնագրութիւնը։ Ընտրութիւններու առկախման հետեւանքով ստեղծուած այժմու հարցի «լուծման» համար Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը գրութիւն մը ուղարկած է վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնին, որպէսզի Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին համար կառավարիչ նշանակուի։ Կարօ Փայլան ընդգծած է, որ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու խնդիրը ոչ թէ կառավարիչով, այլ՝ ընտրութիւնով կրնայ լուծուիլ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Կարօ Փայլան չորս հարցումներ բանաձեւած է՝ նախարարին հասցէագրուած։ Առաջին՝ ի՞նչ է պատճառը, որ եօթ տարիէ ի վեր կանոնագրութիւն մը չէ պատրաստուած փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան համար։ Երկրորդ՝ ե՞րբ պիտի հրապարակուի այդ կանոնագրութիւնը։ Երրորդ՝ փոքրամասնական վաքըֆի մը վարչայիններէն մին կառավարիչ պիտի նշանակէ՞ք ուրիշ փոքրամասնական վաքըֆի մը համար։ Չորրորդ՝ մինչ փոքրամասնական վաքըֆներու խնդիրը լուծելու համար ընտրութեան նման ժողովրդավարական եզր մը գոյութիւն ունի, դուք պիտի բաւարարէ՞ք պահանջը վաքըֆի մը ատենապետին, որ կ՚ուզէ կառավարիչ նշանակուիլ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/22-05-2020-երեսփոխան-կարօ-փայլան-առկախեալ-ընտրութիւններու-հարցը-դարձեալ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın