İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵՐ

Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնազրկման որոշումին դէմ համայնքային շրջանակներէ ներս ստեղծուած անհանգստութիւնը կը շարունակուի։ Այս մթնոլորտին մէջ դպրոցի խումբ մը սաներ այսօր, կէսօրուան ժամերու մօտ զօրակցութեան այցելութեան մը փութացին իրենց տնօրէնուհիին։ Տղաքը համախմբուեցան Սաթենիկ Նշանի բնակարանի փողոցին մէջ՝ վերահաստատելով իրենց յարգանքը բազմամեայ կրթական մշակին նկատմամբ ու հերթական անգամ տարակուսանք յայտնելով անոր պաշտօնազրկման որոշման դէմ։ Սաթենիկ Նշանն ալ յարկաբաժնէն վար իջնելով միացաւ աշակերտներուն, որոնք ծաղկեփունջ մը յանձնեցին իրեն։ Բազմամեայ տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ անոնց խօսք ուղղեց՝ շինիչ ու պաղարիւն պատգամներով։

Էսաեանցի սաները նման այցելութիւն մըն ալ տուին Առլին Եշիլթեփէի բնակարանը։ Երկու այցելութիւններուն ընթացքին ալ աշակերտներուն ուղեկցեցան դպրոցի ուսուցչուհիներէն Անժէլ Եէլէկէն եւ Սերլի Պոյաճեան-Էրտինչ։ Անոնց միացած էին նաեւ խումբ մը ծնողներ։  

Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը անցեալ շաբաթավերջին որոշած էր յառաջիկայ օգոստոսի դրութեամբ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնը դադրեցնել։ Համապատասխան պաշտօնական զեկուցումները ուղարկուած են անոնց։

Այս իրադարձութենէն վերջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի միջամտութեամբ ստեղծուած էր երկխօսութեան գետին մը։ Յառաջիկային կը նախատեսուի Պատրիարքարանի մէջ ժամադրութեան մը կազմակերպումը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, ստեղծուած իրավիճակը պիտի քննարկուի Սաթենիկ Նշանի, Առլին Եշիլթեփէի եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի մասնակցութեամբ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/20-05-2020-զօրակցութեան-այցեր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın