İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, թէ  15 Մայիս 2020, Ուրբաթ օրուընէ սկսեալ հանրային կարծիքը կ’ըզբաղեցնէ այժմէական ու հրատապ հարց մը եւ համացանցի միջոցներով գոյացած են ընդվզումներ։ Հարցն այն էր, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը որոշած էր յառաջիկայ ամիսներուն վերջ տալ Էսաեան Վարժարանի զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու Օր. Արլին Եշիլթէփէի պաշտօններուն։

Այս ուղղութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հայրը եւս անընդունելի գտնելով որոշումը նամակով մը դիմելով Թաղային Խորհուրդին, թելադրած էր, թէ վերատեսութեան ենթարկուի որոշումը։

Նորին Ամենապատուութիւնը այսօր հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու Օր. Արլին Եշիլթէփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած է զիրենք հանդիպման համար։

Ուրախացուցիչ է, որ կողմերը ընդառաջած են հրաւէրին ու հանդիպումը պիտի կայանայ Պատրիարքարանի մէջ, երբ 65 տարեկանէն վեր եղողներու արգելքը վերցուի։

Վերոյիշեալ պարագան կը յանձնենք հանրային ուշադրութեան։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/էսաեան-վարժարանի-հարցին-մասին/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın