İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԱՑ

Համաճարակի պատճառաւ ցնցուած համայնքային տնտեսական վիճակի ամենէն բեկումնային գծին վրայ կը գտուին սահմանափակ եկամուտ ունեցող մեր վարժարանները եւ անոնց ելեւմտական լուրջ բացերը։ Այս ուղղութեամբ Պատրիարքական Աթոռին դիմում ներկայացուցած վարժարաններու համար պատրաստուած է ուղեգիծ մը, որ կը ներկայացուի ստորեւ.
1. Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հայրը 30 Ապրիլ 2020 թուակիր պաշտօնագրով այս պարագան ուշադրութեանը յանձնած է Հայ Համայնքի Հիմնարկներու Միութեան (ՀԱՅՀԻՄ) Ատենապետ՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի, նաեւ ընդգծելով՝ այս մասին ընդփոյթ շարժման անցնելու կարեւորութիւնը։ Նորին Ամեապետուութեան այս պաշտօնագրին կապակցութեամբ Յարգելի Շիրինօղլու Հիմնարկներու Միութեան հաղորդակցութեան գծով կոչ ուղղած է։

2. Այս ուղղութեամբ իրենց ուշադրութեան յանձնուած է, թէ կը կարեւորուէր ի ձեռին ունենալ նիւթական օժանդակութեան կարօտ վարժարաններու «մանրամասնեալ» ելեւմտացոյցերը, ճշդուած՝ իրենց կարիքներու ցուցակագրութեամբ ու քանակութիւններով։ Թելադրուած է, որ հարկաւոր տեղեկութիւնները ճշդելու ուղղութեամբ անյապաղ աշխատանքի ձեռնարկեն եւ արդիւնքը ընդփոյթ ներկայացնեն ՀԱՅՀԻՄ-ի նկատառման։ Թաղային մարմիններ իրենց տեղեկագիրը պատրաստելու ուղղութեամբ աշխատանքի լծուած են։

3. Անմիջական օժանդակութեան կարօտ չորս վարժարաններու թաղային խորհուրդներու ատենապետները՝ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Սամաթիոյ, Ֆէրիգիւղի եւ Թօփգաբուի, իրենց միջեւ համաձայնելով Նորին Ամենապատուութենէն ժամադրութիւն խնդրած են՝ խորհրդակցական հանդիպում մը ունենալ ՀԱՅՀԻՄ-ի նկատառման յանձնելի տեղեկագրին պատրաստական աշխատանքներու գործընթացին մէջ որդեգրելի հասարակաց նախագիծի եւ ձեւաչափի մը ճշդման առաջադրութեամբ։ Այս հանդիպումը կայացած է 7 Մայիս 2020 Հինգշաբթի օր Պատրիարքարանի մէջ սահմանափակ մասնակցութեամբ։

4. Օժանդակութեան կարօտ վարժարաններու մանրամասնեալ տեղեկագիրները ամենակարճ ժամանակի մէջ պիտի ներկայացուին Պատրիարքական Աթոռին եւ ՀԱՅՀԻՄ-ի ատենապետութեան։
Այս հանգրուանին հասնելէ ետք պիտի հետապնդուի աշխատանքային ուղեգիծ մը ըստ հետեւեալի.
Ա. Տեղեկագիրներու յանձնումէն ետք ՀԱՅՀԻՄ-ի Վարչական Խորհուրդը, համաճարակի ընկերային հեռաւորութեան կիրարկումներու համաձայն ժողովի պիտի հրաւիրուի եւ տեղեկագրերու շուրջ տեղի պիտի ունենան խորհրդակցութիւններ (Այս Վարչական Խորհուրդը, Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր, Պատրիարքարանի Դիւանապետին եւ Պատրիարքական Փոխանորդին, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան, վարժարան ունեցող համայնքային եւ թաղային մարմիններու ատենապետներու, նաեւ ընտրուած երեք թաղային խորհուրդներու ատենապետներու եւ Պատրիարքարանի համակարգող գործակատարի մասնակցութեամբ 21 հոգիէ բաղկացեալ մարմինն է)։
Բ. Տեղեկագրերու արժեւորման համար ընդփոյթ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի։
Գ Մեր համայնքային եւ թաղային բոլոր մարմիններէն պիտի պահանջուին իրենց ելեւմտացոյցերու առաքումը, ճշդելու համար եկամուտի առաւելութիւն ունեցող մարմինները եւ անոնց առաւելութեան քանակը։
Դ. Մեր վարժարաններու ընդհանուր վիճակը տնտեսական գետնի վրայ արժեւորման գծին շուրջ կ՚առաջադրուի աշխատանքային յանձնախումբի մը կազմութիւնը (վարժարաններու միացման, փակման, հաւասարակշռման)։ Այս յանձնախումբը իր մէջ պիտի ներառնէ մասնագէտներ եւ բարերարներ ու ժողովուրդին բաց եւ թափանցիկ հարթակներու վրայ այս նիւթի մասին տեղի պիտի ունենան քննարկումներ եւ արդիւնքը պիտի ներկայացուի ՀԱՅՀԻՄ-ի վարչութեան։ 
Ե. Օրակարգի վրայ պիտի ըլլան նաեւ ի մասնաւորի համաճարակի շրջանին յառաջացած անգործութեան եւ տնտեսական հարցերը, ինչպէս նաեւ համայնքային այլ հարցեր, առ ի խորհրդակցութիւն։

Զ. Նախատեսած համայնքային ու թաղային հիմնարկներու Տնտեսական Օժանդակութեան Յանձնախումբի կազմութիւնը յառաջ պիտի տարուի եւ պիտի լծուի աշխատանքի։ 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/լուսաբանութիւն-պատրիարքական-աթոռոյ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın