İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՒՐՈՊԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ԾՐԱԳՐԵՐ ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները, հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդական փոխանորդները անցեալ շաբաթավերջին առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ օրակարգի վրայ եկան թեմերու եւ եւրոպահայ համայնքներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ մանաւանդ քորոնաժահրի համաճարակի դժուարին պայմաններուն ներքեւ, ազգային-եկեղեցական կեանքի համընդհանուր հարցերով հանդերձ։

Առցանց խորհրդակցութեան մասնակցեցան՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ), Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան (Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան (Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան (Ուքրայնոյ հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան (Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ), Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան (Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան (Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ), Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան (Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան (Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ) եւ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան (Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ)։

Առցանց խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համաճարակի միջավայրին մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր իրավիճակի գնահատումը, առկայ մարտահրաւէրները, նոր ծրագրերու իրականացումը, կատարուած աշխատանքներու ի մի բերուիլը եւ մանաւանդ հեռավար ծրագրերը։ Բարձրաստիճան եկեղեցականները կարծիքներ փոխանակեցին, թէ եկեղեցին ինչպէ՞ս պէտք է դիրքաւորուի այս նոր իրավիճակին մէջ, սփիւռքեան պայմաններով հոգեւորականներու պատրաստութեան կամ վերապատրաստութեան համար ի՞նչ աշխատանք պէտք է տարուի։ Շօշափուեցան նաեւ այլ ընթացիկ հարցեր։

Առցանց համագումարի ընթացքին իւրաքանչիւր թեմի կողմէ ներկայացուեցաւ համաճարակի հետեւանքով տուեալ երկրէն կամ համայնքէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Բացատրութիւններ տրուեցան կատարուած աշխատանքներու ծաւալին եւ ուղղութիւններուն շուրջ՝ հոգեւոր, ընկերային, տնտեսական, ելմտական ու այլ ոլորտներու պարագային։ Որոշուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու կամ հայրապետական պատուիրակներու միջեւ յարաբերութիւնները խորացնել, համատեղ ծրագրեր իրականացնել եւ համագործակցութիւնը առաւել ընդլայնել՝ հաշուի առնելով համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած նոր իրավիճակն ու մարտահրաւէրները։ Ծրագիր մը պիտի պատրաստուի՝ յաջորդ ամիս նախատեսուած նոյն ձեւաչափով նոր առցանց համագումարի ընթացքին քննարկման դնելու նպատակով։ Այստեղ առաջնային կը համարուի երիտասարդութիւնը աշխուժօրէն ներգրաւել ազգային-եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւններուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման կառոյցներ ստեղծել բոլոր թեմերէն ներս։

Առցանց խորհրդակցութեան մասնակիցները որոշեցին ստեղծել առաւել կազմակերպուած հոգեւոր կեանք մը, մշտական աշխատանք իրականացնել հայ մարդը քրիստոնէական եւ բարոյական արժէքներով կրթելու, քրիստոնեայ ընտանիքի եւ բարձրագոյն արժէքներու նկատմամբ գիտակցութեան մակարդակի բարձրացման, քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւանդութիւններն ու խորհուրդները ծանօթացնելու համար։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ համարուեցաւ նոր ծրագրերու մշակումը, նոր մեթոտներու որդեգրումը՝ օգտագործելով նոր փորձագիտութիւններու ընձեռած հնարաւորութիւնները, Աստուծոյ խօսքը նաեւ հասցնելով առցանց հարթակներու վրայ։

Հոգեւոր հայրերը որոշեցին նաեւ Եւրոպայէ ներս ստեղծել հայկական ամառնային հոգեւոր ապրումներու եւ դաստիարակութեան կեդրոն մը՝ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու համար։ Այստեղ նպատակը պիտի ըլլայ իրականացնել սեմինարի ձեւաչափով քննարկումներ, նպաստել հայ հաւատաւոր զաւակներու հոգեւոր գիտակցութեան բարձրացման, միասնական ու համատեղ աղօթքի հնարաւորութիւններ ստեղծել, եկեղեցական նոր համայնքներ ձեւաւորել, հայաշատ քաղաքներէ ներս նոր ծուխեր կազմել եւ աշխուժացնել համայնքային-եկեղեցական կեանքը։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին որոշուեցաւ տարին անգամ մը համախմբել այն սարկաւագները, կիսասարկաւագներն ու դպիրները, որոնք Եւրոպայի հայոց թեմերէն ներս ծառայութիւն կը մատուցեն։ Կը ծրագրուի անոնց համար ուղեցոյց մը պատրաստել, նպաստել կրօնական գիտելիքներու խորացման։ Նոյն տրամադրութեամբ կը ծրագրուի տարին անգամ մը համախմբել այն քահանաները, որոնք կը ծառայեն Եւրոպայի հայոց թեմերէն ներս։ Վերապատրաստման դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին անոնց համար՝ կատարելագործելու համար իրենց ծանօթութիւնները Եւրոպայի հայ համայնքի կառուցուածքին եւ վարչակազմակերպչական առանձնայատկութիւններուն շուրջ։ Ի լրումն այս բոլորին, կը ծրագրուի տարին անգամ մը Եւրոպայի մէջ երիտասարդական հաւաք մը կազմակերպել, ինչ որ կրնայ հնարաւորութիւն ընձեռել նոր սերունդի ներկայացուցիչները ներգրաւելու համայնքային կեանքի զանազան ոլորտներու եւ եկեղեցական զանազան կառոյցներու գործունէութեան։

Առցանց խորհրդակցութեան ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան սփիւռքի յարատեւութիւնը եւ ազգային ինքնութիւնը, անոր հայեցի դիմագծի պահպանումը, Հայաստանի հզօրացումն ու բարգաւաճումը, Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը եւ այլն։

Նոյն առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կոչին ընդառաջ, Եւրոպայի հայոց թեմերու առաջնորդներն ու հայրապետական պատուիրակները պիտի շարունակեն իրենց աջակցութիւնը բերել Հայաստանին ու Արցախին՝ համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին։ Հոգեւոր հայրերը որոշեցին նոյն ձեւաչափով խորհրդակցութիւն մը ունենալ նաեւ յաջորդ ամիս։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/12-05-2020-եւրոպահայ-կեանքէ-ներս-նոր-սերունդը-ներգրաւելու-ուղղեալ-ծրագրեր-կը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın