İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սահակ Բ. Պատրիարքէն սրտի խօսք. Մայրերու Օր – 2020 – Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ

https://youtu.be/0iMqT8BEK08

Այսօր Մայրերու Օրն է կրկին: Թեէւ մէկ օր միայն կը նշենք ամբողջ տարուան ընթացքին՝ բայց եւ այնպէս մեր մայրերը իսկութեան մէջ մեր կեանքի ճամբորդութեան սկիզբէն ի վեր անբաժանելի կերպով մեզի հետ են:
Մեր առաջին ինքնութիւնը, մեր մօր զաւակն ըլլալն է. Մնացեալը մանրամասնութիւն է լոկ:
Երբ Աստուած փափաքեցաւ լեցնել աշխարհը մարդոցմով՝ մայրերը գործակից դարձուց իր արարչութեան: Մեր մօր միսէն ու արիւնէն ստեղծեց մեզ եւ մեր մայրը տուաւ մեզի որպէս պահապան հրեշտակ:
Մարդկային բոլոր լեզուներուն մէջ ամենէն գեղեցիկ բառն է միշտ «մայր, մայրիկ, մամա» բառը:
Այնքան քնքոյշ, ջերմ ու նուրբ կը հնչէ «մամա» բառը մեր ականչներուն որ պարզապէս մայր մը ունենալու համար, միայն մայր մը ունենալու համար կ’արժէր աշխարհ գալ:
Տոսթոյեվսքին անգամ մը ըսած էր. «Գեղեցկութիւնը պիտի փրկէ աշխարհը»: Հաւանաբար մայրերու գեղեցկութիւնն էր իր մտքին մէջ եղածը:
Մայրական սիրտի եւ սիրոյ գեղեցկութիւնը երբ օր մը դառնայ բոլոր մարդոց համար մարդ լինելու չափանիշ՝ մեր աշխարհը այն ատեն պիտի փրկուի անտարակոյս:
Շնորհակալ ենք ձեզի մայրեր, ձեր ջերմութեան եւ բարութեան համար:
Շնորհակալ ենք ձեր անսահման սիրոյ համար:
Շնորհակալ ենք Աստուծոյ որ ձեզի պէս մայրեր կը պարգեւէ մեր աշխարհին, ուր օր ըստ օրէ կը պակսի սէրն ու գորգուրանքը:
Կը խոնարհիմ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ իմ եւ բոլոր մայրերուն առջեւ որոնք Աստուծմէ մեզի կրեցին գոյութիւն ունենալու շնորհքը եւ սրտանց կը շնորհաւորեմ իրենց Մայրերու Օրը:
Եկէ՛ք Մարիամ Աստուածամօր յանձնենք մեր բոլոր մայրերը եւ աղօթենք միասնաբար.
«Մայր Սորբ, պահէ պահպանէ մեր մայրերը,
առողջ եւ երջանիկ օրեր պարգեւէ անոնց:
Մայր Սուրբ, մեր մայրերն ալ քեզի նման մարդկութեան սիրն ու հոգին են՝
մշտավառ փարոս ըլլան մեր ճամբան լուսաւորող դէպի բարին ու ճշմարտութիւն:
Մայր Սուրբ, բարեխօսէ՛:
Աղաչէ մեզի համար առ Աստուած՝ քեզմէ մարմնացած: Որպէսզի թո՛ղ լռեն պատերազմները, դադրի՛ն թշնամիներու յարձակումները, թո՛ղ հաստատուին սէր եւ արդարութիւն երկրի վրայ: Կ’աղաչենք: Հեռու պահէ այս համավարակի չարիքը մեզմէ, այլեւս աւելի չվնասէ քու զաւակներդ, ի մասնաւորի մեր մայրերը:
Աստուած հոգին լուսաւորէ նաեւ այն բոլոր մայրերուն, որոնք թաղուած են իրենց զաւակներու սիրտին մէջ: Լոյսերու մէջ քնանան:

https://www.youtube.com/channel/UCouNg6AtFavondAIBvvi_rQ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın