İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արեւմտահայախօսը ինչո՞ւ պիտի ձուլուի հայրենիքին մէջ

Անի Զէյթունցեան

Առցանաց տիրոյթի  հերոսը Արևմտահայերէնի մասնագէտ մըն է, հակառակ փոքր տարիքին ան կը տանի ծաւալուն գործունէութիւն։ Բացառիկ հարցազրոյցի հիւրը՝ Սարին Ագպաշն է, որ 2016-ին  Պոլիսէն կը հասնի Երևան ուսումը կատարելագործելու Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ նախ որպէս մագիստրոս ապա  գիտութիւններու թեկնածու։ 

Այս աղջնակը Արևմտահայերէնի նուիրեալ մըն է կարծես թէ ծնած ըլլար այս լեզուին համար, ան փոքր տարիքէն ընտրած էր ապագայի մասնագիտութիւնը։ Սարին կը պատրաստուի իր աւարտաճարին , որուն նիւթը՝ «Արևմտահայերէնի կանոնակարգման հիմնախնդիրներ»ն է։

«ԵՊՀ-ի Հայոց լեզուի բաժինը բանասիրականի  հետաքրքրուած է Արեւմտահայերէնով, ամպիոնի վարիչ՝ Իւրի Աւետիսեանն է,   անոնք ուրախ են որ Արևմտահայերէնի հետ աշխատող ուսանող մը ևս պիտի ունենան»,- կ՛ըսէ զրուցակիցս։

«Պոլսահայ Արդի Դպրոցի» մասին գրած էր մագիստրոսի աւարտաճարը, ղեկավար ունենալով յայտնի լեզուաբան նախկին քեսապահայ դասախօս Յակոբ Չոլաքեանը։

Սարին հիմնած է «Աթոռ Անահտայ» գրական հարթակը, ուր կը զետեղուին իր ստեղծագործութիւնները։

Youtube- ի վրայ «Գրատախտակ» հարթակը , որուն վրայ կը զետեղուին Մեսրոպեան աւանդական  ուղղագրութեան կանոնները մատչելի ձեւով։

Telegram-ի վրայ «Ի՞նչ կայ չկայ» համայնագիտական հարթակը , որ կ՛ընդգրկէ օտար բառերու հայերէնները ,տարբեր նիւթեր ու տեսերիզներ լեզուն կենսունակ պահելու նպատակով։

Սարին Ագպաշն է այս բոլորի հեղինակն ու ստեղագործողը, խոստվոնեցաւ թէ հայերէն լեզուի հանդէպ սէրը ան մեծապէս կը պարտի իր ծնողներուն , տան մէջ մայրենի լեզուն եղած է հայերէնը, հակառակ որ տան մէջ մեծ մայրը հայերէն չէր խօսեր։

Արեւմտահայերէնի մարտահրաւէրներու մասին մենք խօսեցանք։

«Ցեղասպանութենէն ետք Արեւմտահայերէնը կորսնցուց իր բնակավայրը, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ կորսնցուց իր գոյատևման իրաւունքը, սփիւռքահայութեան համար Արևմտահայերէնը մայրենի լեզու է, հետեւաբար երկու ճիւղերէն մէկը ընդունիլ միւսը մերժելը անընդունելի է, հոս կը ծագի մերձեցման հարցը։ Արևմտահայերէնի և Արևելահայերէնի հիմնական տարբերութիւնը ուղղագրութեան հարցն է:

Հայրենիքի մէջ նախաձեռնութիւններ կան այս ուղղութեամբ սակայն քիչ են աւելի ստոյգ, համակարգուած միջոցներ պէտք է ձեռնարկուին։ Արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը կը կատարուի սրտացաւ անձերու կամ յատուկ հաստատութիւններու շնորհիւ, ինչպէս՝ Փորթուկալի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի, Ֆրանսայի մէջ «Զարմանազան»-ի,  իսկ Լիբանանաի մէջ «Համազգային»-ի։

Պատմութիւնը վկայ է, որ երկու գրական ճիւղերուն միջև ժամանակին կար քաղաքականապէս ստեղծուած անջրպետ, սակայն հիմա հայրենիքը ինչո՞ւ անտարբեր մնայ․․․ Արեւմտահայախօսը ինչո՞ւ պիտի ձուլուի  հայրենիքին մէջ և լեզուն պիտի կորսնցնէ»։ կ՛ըսէ Սարին Ագպաշ։

https://hy.armradio.am/2020/05/08/արեւմտահայախօսը-ինչո՞ւ-պիտի-ձուլուի/?fbclid=IwAR14aXsmSHk9YcU0nC91oWQFeOudYNkyHA3Y82ke9a3fnOFuGcPCVMaKA8I

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın