İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ

Այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։ Վերջին նմուշառումները թէեւ ցոյց կու տային, որ մարմինը քորոնաժահրը յաղթահարած էր, սակայն Յարութիւն Շանլը միշտ կը պահուէր խտացեալ խնամքի տակ։ Ափսոս, որ իր մարմինը չէ կրցած վերջնականօրէն յաղթահարել վարակի պատճառած ծանր հետեւանքները եւ ան այս առաւօտ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է նաեւ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Կէտիկփաշայի ընտանիքն ալ ցնցումի մէջ է՝ իր սիրեցեալ ատենապետի կորուստին բերումով։

Յարութիւն Շանլը ծնած էր 1964 թուականին, յաճախած էր Կէտիկփաշայի Մեսրոպեան վարժարանը, կը զբաղէր առեւտուրով։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը գլխաւորէր Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը, նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր համայնքային կեանքէ ներս։ Ամուսնացած էր, ունէր երկու զաւակ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին՝ Էօժէն Շանլըի, զաւակներուն, Կէտիկփաշայի ընտանիքին եւ իր բոլոր սիրելիներուն։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/6-05-2020-ոչ-եւս-է-յարութիւն-շանլը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın