İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՍԵԴՐԱԿ ԷՕԶՍԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի երախտաշատ անուններէն Սեդրակ Էօզսան։ Ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով իր բնակարանին մէջ։ Սեդրակ Էօզսան առաւօտեան ժամերուն քունէն չէ արթնցած եւ իր հարազատները նկատած են, որ արդէն աչքերը փակած է կեանքին։

Սեդրակ Էօզսան եղած էր նուիրեալ կրթական մշակ մը։ Տասնամեակներ շարունակ ան յանձնառութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ հայ ուսուցիչի կոչումին նկատմամբ հաւատարմութեամբ ծառայութիւն մատուցած էր պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս։ Ֆիզիք դասաւանդած էր, սակայն լոկ ֆիզիքի ուսուցիչ մը չէր։ Սերունդներ դաստիարակելու ճանապարհին ան ներդրած էր մեծ եռանդ եւ իսկական կերպար մը կը մարմնաւորէր յաչս իր աշակերտներուն։ Երիտասարդներու հոգեբանութեան թափանցելու կարողութիւնով, նաեւ ազնիւ ու հաղորդական նկարագրով յաջողած էր գրաւել իր սաներուն սիրտը։ Զանազան դպրոցներու մէջ դասաւանդած էր, մանաւանդ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, բայց եւ այնպէս Սեդրակ Էօզսան առաջին հերթին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հետ նոյնացած, ամբողջացած կրթական մշակ մըն էր։ Ինքը թէեւ Դպրեվանքի սան մը չէր, սակայն իր վաստակով ու ծառայութիւններով պայմանաւորած էր դպրեվանքցի բազում սերունդներու նկարագիրը։ Սեդրակ Էօզսան եղած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի բազմամեայ եւ անմոռանալի տնօրէն հոգելոյս Հայկ Նշանի լծակիցներէն մին։ Երկար տասնամեակներ անոնք ձեռք ձեռքի, ուս ուսի, սիրտ սիրտի նաեւ միտք մտքի աշխատած էին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի վերելքին, սաներու զարգացման նպատակով։ Սեդրակ Էօզսան, միեւնոյն ժամանակ, տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Կրթական մշակի ծանրաբեռնուած աշխատանքով հանդերձ, երկար ժամանակ անձնուիրաբար ու սիրով խնամած էր իր կաթուածահար կողակիցը՝ միշտ զգալի դարձնելով անոր նկատմամբ ջերմ սէրը եւ ընտանիքի նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Ունէր որդի մը։

Սեդրակ Էօզսանի կորուստը խոր սուգի մատնած է իր հարազատները, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը, նաեւ պոլսահայ ամբողջ կրթական համակարգը։ Իր քաղցր յիշատակը անթառամ կը մնայ՝ իր սաներուն, իրեն հետ գործակցած պաշտօնակիցներուն եւ բարեկամական շրջանակի յիշողութեան մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Սեդրակ Էօզսանի բարի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանիքին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/5-05-2020-ոչ-եւս-է-ուսուցիչ-սեդրակ-էօզսան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın