İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ԺԻԼՏԱ ՄՈՒՐԱՏՕՂԼՈՒ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն մին՝ Ժիլտա Մուրատօղլու։ Ան կողակիցն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին հոգաբարձուներէն, երէց սերունդի յայտնի ազգային գործիչ Հարիթոն Մուրատօղլուի։

Ժիլտա Մուրատօղլու համայնքային կեանքէ ներս համատարած սիրոյ եւ յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Դուստրն էր Թուրքիոյ ճատրակի ռահվիրաներէն Ժիրայր Օհանեան Չաքըրի։ Ինքն ալ հասակ առած էր մարմնամարզով թրծուած ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ։ Պասքեթպոլ խաղացած էր Շիշլի ակումբի մարզաշապիկով։ Եղած էր նաեւ ակումբի մարզիչներէն։ Իր հաղորդական ու համեստ բնաւորութիւնով կը յաջողէր գրաւել բոլորի սիրտը։ Ընտանեկան տիպար մայր մըն էր, հասցուցած էր երկու զաւակ։

Ժիլտա Մուրատօղլու երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ։ Ընթացքին միջոց մը վերագտած էր իր առողջութիւնը եւ վերադարձած՝ իր բնականոն կեանքին, սակայն, դժբախտաբար, անողոք հիւանդութիւնը վերջերս դարձեալ գերեվարեց զինքը։ Ժիլտա Մուրատօղլու չկրցաւ դիմադրել այս վերջին հարուածին, իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը մնաց անբաւարար եւ ան աչքերը փակեց կեանքին խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու  սիրելիները։ Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած էին Ժիլտա Մուրատօղլուն, անտարակոյս, անոր բարի յիշատակը պիտի պահեն իրենց սրտին մէջ։

Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները առանձնապէս հրապարակուած են ընտանեկան մահազդով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Ժիլտա Մուրատօղլուի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ամուսնոյն՝ մեր սիրելի բարեկամ Հարիթոն Մուրատօղլուին, զաւակներուն, համայն ընտանիքին եւ սիրելիներուն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/4-05-2020-ոչ-եւս-է-ժիլտա-մուրատօղլու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın