İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Գաղութէ գաղութ ՓՈՔՐԻԿ-ով կը միանանք

ՓՈՔՐԻԿ կայքէջը Քորոնայի օրերուն ալ կը շարունակէ Արեւմտահայերէն հէքեաթներ հրամցնել մանուկներուն, եւ նպաստել Հայերէնի ուսուցման: Ներկայիս, ՓՈՔՐԻԿին կը հետեւին Հայ բնակչութեան տէր՝ 21 երկիրներ: Ամբողջ աշխարհի մէջ հեռակապ ուսուցման գործադրութեան հետեւանքով՝ վերջին երկու ամսուան մէջ՝ ՓՈՔՐԻԿին այցելուներուն թիւը յաւելում արձանագրեց, այցելութեան թիւը նախորդ ամսուան նկատմամբ  %82 աւելցաւ:

 

Վերջերս, ՓՈՔՐԻԿը նոր ծրագիր մը կը գործադրէ: Այս ինքնամեկուսացման շրջանին «Տունը մնանք, ՓՈՔՐԻԿ դիտենք» վերնագիրի տակ, իր facebook-ի, twitter-ի ve instagram-ի մէջ տեղ կը բանայ այն բոլոր մանուկներուն, որոնք կը փափաքին Հայերէն արտասանել կամ երգել, գրել, գծել, պարել:  Հետեւաբար պիտի հրատարակուին մանկանց  ստեղծագործութիւնները եւ կամ զանազան հնարամտութիւնները, որոնց պիտի հետեւին 21 երկիրներու ՓՈՔՐԻԿի հետեւորդները:

 

Գունագեղ, շարժուն, լսելի

ՓՈՔՐԻԿը իր վեցերորդ տարին պիտի բոլորէ Մայիս 2020-ին:  Ան՝ ամէն ամիս երկու նոր հէքեաթ կ’աւելցնէ ներկայիս իր ունեցած 100-է աւելի հէքեաթներուն վրայ: Այս հէքեաթներուն իւրաքանչիւրը  գունաւոր շարժուն պատկերներով կը զարդարուի եւ կը ձայնագրուի:

 

ՓՈՔՐԻԿին բոլոր հէքեաթները, կայքէջի առընթեր, լոյս կը տեսնեն նաեւ you tube-ի մէջ, որոնք կը պատրաստուին՝ 4-7 եւ 8-12 տարիքի մանկանց համար: Այս հէքեաթները, առանց դասի եւ նիշի ճնշման տակ, իր փոքրիկ ընթերցողներուն առիթ կը ստեղծէ իրենց մայրենիին հետ հաճելի ժամանցի եւ միեւնոյն ժամանակ կը մղէ մտածելու եւ քննարկելու՝ արդարութեան, համակրական հասկացողութեան, քաջութեան, վերամշակումի, բնապահպանութեան եւ այլ գաղափարներու վրայ:

 

Թէ խաղ, թէ վարժութիւն

Վերջերս աւելցուած՝ «Աշխատութեան Էջեր» խորագրեալ յաւելուածը, Հէքեաթ կարդալու հաճոյքին առընթեր, նոր բառերու եւ բնաբաններու հետ ծանօթանալու, կարդացածը եւ լսածը աւելի լաւ ըմբռնելու առիթը կը ստեղծէ: Աշխատութեան էջերուն վրայ տեղ կը գրաւէ հէքեաթներու բնագիրին համեմատ պատրաստուած խաղերն ու  բացատրութիւնները, որոնք թէ ծնողներուն, թէ մանկավարժներուն, այդ հէքեաթի վրայ մանկանց հետ միասին մտածելու եւ խորհդակցելու միջավայր կ’ապահովէ:

 

ՓՈՔՐԻԿը կը պարունակէ՝ Հայկական ժողովրդական հէքեաթներ, առակներ, առասպելներ, դիցաբանական պատմութիւններ, շուտասելուկներ, սուտասելուկներ, ժամանակակից պատմութիւններ: Հայ մանկական գրականութեան առաջատար ներկայացուցիչներ եւ համաշխարհային գրականութեան անուանի գրողներ միասին տեղ կը գրաւեն ՓՈՔՐԻԿին մէջ: Կայքէջը կը պարունակէ Թումանեանի, Խնկոյեանի, Աղայեանի, Այգեկցիի, եւ այլ Հայ գրողներուն բազմաթիւ գործերը: Կը պարունակէ նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի, Օսգար Ուայլտի, Սէրվանդէսի նման աշխարհահռչակ գրողներու գործերը, որոնք Հայերէնի ի նպաստ թարգմանուած են մանուկներուն համար: ՓՈՔՐԻԿը նաեւ տեղ կը բանայ իր կայքէջին մէջ, յատկապէս՝ Անահիտ Սարգիսեանի եւ այն բոլոր ժամանակակից գրողներուն, որոնք կը հետաքրքրուին մանկական գրականութեան հետ եւ կ’արտադրեն արեւմտահայերէնով:

 

Պոլիսէն Աւստարալիա

ՓՈՔՐԻԿ հէքեաթարանի կայքէջին հետեւորդներուն %70-ը վեց տարբեր քաղաքը կ’ապրին՝ Պոլիս, Երեւան, Մոսկվա, Լոս Անճելըս, Մարսէյ եւ Մոնրէալ: Իսկ մնացեալ %30-ը կը բնակին լայնածաւալ աշխարհագրութեան մէջ: Որոնցմէ են՝ Աւստարալիա, Արժանթին, Լիբանան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ, Եգիպտոս, Ֆիլիբիններ:

 

www.pokrig.org

Fb                    @pokrig

Instagram         @pokrig_hekiataran

Twitter              @Pokrig

Youtube            Pokrig Hekiataran

Screen Shot 2020-05-04 at 1.05.52 PM

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın