İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՅ ԶՈՀ ՄԸ. ՈՉ ԵՒՍ Է ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԱՐՊԻՍ ՇԵՀԻՐՄԱՐՏԻԿՕՂԼՈՒ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ՝

ՏԻԱՐ ԿԱՐՊԻՍ ՇԵՀԻՐՄԱՐՏԻԿՕՂԼՈՒ

Տասնամեակներ առաջ ան հաստատուած էր Ֆրանսա եւ զբաղած՝ զգեստներու արտադրութեամբ։ Իր հեզահամբոյր նկարագիրով յարգանք ու համակրանք կը վայելէր ընկերային շրջանակին մէջ։ Դժբախտաբար, շուրջ ամիս մը առաջ, ան վարակուած է քորոնաժահրով եւ իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական միջոցները բաւական չեն եղած առողջացման համար։ Ուստի, ան եկած է համալրել համաճարակի հայազգի զոհերու շարքերը, ինչ որ խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու ընկերային շրջանակը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Նուրիձա Շեհիրմարտիկօղլուին, դստեր՝ Քաթիային, որդւոյն՝ Արմանին, ինչպէս նաեւ Շեհիրմարտիկօղլու եւ Էպէօղլու ընտանիքներուն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/2-05-2020-փարիզի-մէջ-քորոնաժահրի-հայ-զոհ-մը-ոչ-եւս-է-նախկին-պոլսահայ-կարպիս

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın