İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԱԶՆԻՒ ԱՐԹՈՒՔ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ պոլսահայ վաստակաւոր ու երախտաշատ կրթական մշակ Ազնիւ Արթուք (Արթիք) կնքած է իր մահկանացուն։ Ան ծնած էր 1928 թուականին եւ կեանքէն հրաժեշտ առած է 92 տարեկան հասակին։ Ազնիւ Արթուք յառաջացած տարիքի մէջ թէեւ հրաժեշտ առած է կեանքէն, սակայն իր կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է իր երախտագէտ սաներուն եւ պոլսահայ կրթական շրջանակներուն։

Ազնիւ Արթուք աւարտած էր Կեդրոնական վարժարանը եւ Իսթանպուլի համալսարանին մէջ մասնագիտացած՝ ուսողութեան վրայ։ Իգական սեռէ առաջին կրթական մշակն էր, որ ուսուցչագործելու իրաւունք շահած էր՝ գերազանց յաջողութիւն արձանագրելով Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ պատրաստուած քննութեան մէջ։ Ինճիրտիպիի Հայ բողոքականաց երբեմնի վարժարանին մէջ եղած էր ուսուցչուհի։ Կրթական գործունէութեան տեւողութեան եղած էր Պալաթու Խորէնեան եւ Պէշիկթաշի Մաքրուհեան երբեմնի վարժարաններու տնօրէնուհի։ Ունէր որդի մը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Ազնիւ Արթուքի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր հարազատներուն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-04-2020-ոչ-եւս-է-կրթական-մշակ-ազնիւ-արթուք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın