İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲՈՂՈՔԻ ՁԱՅՆ

Ընկերային ցանցերու վրայ «աստղ»ի համբաւ ձեռք բերած Մուրատ Էօվիւչ երէկ հանդէս եկաւ հայատեաց արտայայտութիւններով։ Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի խորհրդանշած կերպարը թիրախաւորելու պատրուակով ան վիրաւորական, անարգական արտայայտութիւններ ունեցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։ Կամայ թէ ակամայ ան ատելութիւն կը հրահրէր բոլոր հայերուն դէմ։ Երկրորդ ելոյթով մը ան փորձեց որոշ չափով խնայել Թուրքիոյ հայերը, սակայն, բնականաբար, Թուրքիոյ հայերու ձեւականօրէն խնայուիլը ոեւէ մէկուն իրաւունք չի տար ամբողջ հայերուն դէմ կամ այլ ժողովուրդի մը դէմ ատելութիւն ու թշնամանք հրահրել։  Այս բոլորէն վերջ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Kamuoyunun dikkatine,

Murat Övüç, 27 Nisan 2020 tarihinde kendi sosyal medya hesabı üzerinden yaptığı paylaşımda, ‘Pis Ermeni’ ve ‘Siz Ermeniler pisliksiniz’ cümlelerini içeren nefret söylemleri ile Türkiye’de yaşayan Ermeni cemaatini derinden yaralamıştır.

Birlik ve bütünlüğe bir darbe niteliğinde olan bu ağır söylemleri, bu yüce devletin topraklarında birlikte, kardeşçe yaşayan cemaatimizin tüm üyeleri adına esefle kınıyoruz.

TÜRKİYE ERMENİ VAKIFLAR BİRLİĞİ

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F28-04-2020-բողոքի-ձայն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın