İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Ո՛Չ ՄԷԿ ԶԻՋՈՒՄ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԷՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերու տնօրէնները հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, զրոյց-խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս համահայկական առումով տարբեր մարզերու վերաբերող երեւոյթներուն մասին:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան օրակարգային հետեւեալ կէտերը.-

ա) Ներկայ համաշխարհային ճգնաժամային պայմաններուն մէջ Կաթողիկոսարանի գործունէութիւնը թէ՛ ներքին՝ վարչական, ժողովական եւ թէ՛ թեմերու հետ յարաբերութեան առումներով։

բ) Յատուկ լիբանանահայութեան պարագան. ցարդ տարուող աշխատանքներու ընդհանուր արժեւորումը։

գ) Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ պատկերը. եւ այս շրջածիրին մէջ եկեղեցին յուզող վերջին իրադարձութիւնները։

դ) Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի արտակարգ պայմաններու մէջ նշումը։ Այս հանգրուանին ընդգծուող առաջնահերթութիւնները՝ պահանջատիրական ուղին հունաւորելու առումով: Եւ այլ այժմէական խնդիրներ:

Վեհափառ Հայրապետը համազգային նշանակութիւն ունեցող արծարծուած հարցերուն առնչութեամբ փոխանցեց իր մտածումներն ու պատկերացումները։ Յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին հատուածներ միայն պիտի ներկայացնենք յիշեալ զրոյց-հանդիպումէն։ Ամբողջական բնագիրը կարելի է տեսնել «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն Ապրիլ 24, 2020 թուականի թիւին մէջ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի Ապրիլ ամսուան թիւին մէջ։

«ՄԵՆՔ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷ´Ր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆՔ»
Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ մեր ունեցած հետաքրքրական ու շինիչ զրոյցի վերջին բաժնին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայ դատին՝ նկատի ունենալով, որ Ապրիլ 24-ի սեմին տեղի կ՚ունենար մեր հանդիպում-զրոյցը: Վեհափառ Հայրապետը իրեն յատուկ յստակ շեշտաւորումով սկսաւ իր խօսքը.- «Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք ու միշտ կը մնանք պահանջատէր: Պիտի ըսէք թէ ինչո՞ւ այս յիշեցումը։ Մեր հանդիպումէն առաջ պատահմամբ տեսայ մամլոյ ասուլիս մը Երեւանի մէջ՝ մասնակցութեամբ պետական պատասխանատուներուն։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ մասնակիցներէն մէկը յայտնեց, որ «ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ» լոզունգին «պահանջատէր» բառը դուրս հանելու գծով քննարկումներ կատարուած են եւ պիտի շարունակուին: Ապա, արտաքին գործոց նախարարը տեղին միջամտելով՝ ըսաւ, թէ այդ կարգախoսը համազգային կեցուածք մը կ՚արտայայտէ, հարկ է զգոյշ ըլլալ: Դուք լաւ գիտէք, որ «կը պահանջեմ»ը մեր ժողովուրդին համար լոկ կարգախoս չէ, այլ տագնապ է ու պայքար. ան հայու ինքնաճանաչման ու լինելութեան անբաժան մասը կը կազմէ։ Հետեւաբար, ինծի համար անհասկնալի ու անընդունելի են այլ մօտեցումներ։ Հարկ է հետեւիլ համահայկական հռչակագրին սկզբունքներուն եւ ուղղութեան։ Մեր ազգը պահանջատէր է, որովհետեւ իրաւազրկուած է. մենք ոչ միայն կը պահանջենք Ցեղասպանութեան դատապարտումը, այլ՝ մեր եկեղեցիները, վանքերը, տուները, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները, մեր հողերը։ Ահա, այս յանձնառութենէ մղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ թուրք պետութեան դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ մեր ժողովուրդին։ Արդ, իբրեւ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կը սպասեմ, որ պահանջատիրութիւնը կարգախօսէն ջնջելու առաջարկը երբեք չքննարկուի Հայաստանի իշխանութեան որեւէ մարմնի կամ կառոյցի կողմէ»։

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/posts/3092406450781234?__tn__=K-R

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın