İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Այսօր 24 Ապրիլ է: Տխրահռչակ օրն է յիշատակման՝ մեր ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան: Մեր պատմութեան ամենէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը, որ կը ծրէ կրկին մեր գլուխները գետին, սրտաճմլիկ խորհրդածելու համար զգայացունց պատահարները:

Մեր բազմադարեան աշխարհի պատմութեան թատերաբեմէն անպակաս եղած են պատերազմները։ Պատերազմներու հասարակաց երեւոյթն է լացն ու կոծը, առանց նկատի ունենալու թէ ո՞վ է յաղթականը կամ ո՞վ է պարտուածը։ Ի հարկէ, որոշ վէրքեր աւելի մեծ կ’արիւնին, ինչպէս մերինը: Այսօր մենք կ՚անդրադառնանք Ա. Համաշխարհային Պատերազմին ու այս աշխարհաւեր պատերազմի տարիներուն ապրուած ողբերգութեան, քանի որ այս պատերազմի շրջանը կարեւոր անկիւնադարձ մը եղած է մեր ժողովուրդին համար, իր անուրանալի հետեւանքներով, զոր ծանօթ է մեզի «Մեծ Եղեռն» յորջորջումով:

Անկիւնադարձ մը, որ ծանօթ է իր ժխտական երեւոյթներով։ Անկիւնադարձ մը, որ դուռ բացած է ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան խանգարման։ Անկիւնադարձ մը, դարեր շարունակ թափուած ճակտի քրտինքի արդիւնքներու ոչնչացման եւ կամ առյաւէտ կորուսման։

Անկիւնադարձ մը, որուն իբր հետեւանք աշխարհասփիւռ մեր զաւակներով յառաջացաւ սփիւռք կոչուած իրականութիւն մը։ 

Ժողովուրդ մը որ մեծաւ մասամբ խաղաղ կեցութեամբ հաւատարիմ քաղաքացին էր այն կայսրութեան, որուն զարգացման համար ըրած էր այն, ինչ որ կրնար ընել։ Ժողովուրդ մը, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով մշակուած ու զարգացած քաղաքականութեան մը հետեւանքով պոկուած էր իր դարաւոր բնակավայրերէն։ 

Տարագրութիւն բառը հաւաքականութիւններու կեանքէն ներս միշտ յիշատակուած է որպէս ապրուած ժխտական երեւոյթ։ Այդ դժբախտ կիրարկումը իր հետ բերած է վանքերու դատարկացում, աղօթատեղիներու ամայացում՝ հաւատացեալներէն, վարժարաններու զրկում՝ ուսուցիչներէն ու աշակերտներէն, առ հասարակ բնակավայրերը՝ իրենց բնակիչներէն։ Ընտանիքներ մատնուեցան ողբալու իրենց ծնողակորոյս եւ որդեկորոյս վիճակները։ Այրեր եւ կիներ, ծերեր եւ տղաներ, երիտասարդներ եւ կոյսեր հարկադրուեցան ընթանալ մահաբոյր ճանապարհէ մը։ Այսինքն ժխտական վիճակ մը, որուն հետեւանքով ժողովուրդ մը հարկադրուած էր իր խոցուած սրտին մէջ կրել անդառնալի ու անդարմանելի կորուստներու ցաւը հարիւրաւոր հազարներով։

24 Ապրիլ է կրկին ու տարօրինա՜կ: Հոգեհանգստեան պաշտօն չենք կատարեր այլեւս այդ բոլոր անմեղ զոհերուն հոգիներուն համար ի յիշատակ, այլ կը մատուցանենք միայն գոհաբանական Սուրբ Պատարագ մը՝ անոնց հետ միանալու: Այսօր մենք կը յիշատակենք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն իրենց կեանքը կորուսած մեր ժողովուրդի եկեղեցական եւ աշխարհական զաւակները, որոնք սրբադասուած ըլլալով կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան:

Տօնակատարման օրն է այսօր անհուն անհամար նահատակներու ծաղկապսակ յիշատակը պանծացնելու: Սուրբ Եկեղեցին որոշեց ու վճռեց իր խորաթափանց իմաստութեամբը պայծառակերպել բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը, սրբադասելով զանոնք օրացոյցի նոր տնօրինումով մը եւ իրենց արեան կարմիրը օծելով երկնային լուսաճաճանչ կապոյտով: Սուրբե՜ր են բոլորը. Արժա՛ն եւ իրա՛ւ: 

Իրենց բարեխօսութեան համար կ’աղօթենք այսօր, որպէսզի դժոխքներէն անցած այս սուրբերը շնորհք հայցեն երկինքներէն մեզի համար, որ կ’ապրինք եւ կ’անցնինք մեր անձնական դժոխքներէն այս օրերուն: Անոնք, ըստ մեր հաւատքին, «մինչեւ վերջը» տոկացին եւ արժանացան երկնային անթառամ պսակներուն: Սուրբ Եկեղեցին կրկին մեզի կը յիշեցնէ, որ առանց հաշուի առնելու յաւիտենական արդարութիւնը, անհեթեթ պիտի մնան երկրային մեր դատաստանները: Մարդոց եւ ազգերու ճակատագրի վերաբերեալ վճռական խօսքի իրաւունքը կը պատկանի Բարձրեալին, ոչ թէ մարդոց եղծանելի դատաստաններուն: Եսայի Մարգարէին միջոցաւ Աստուած կը մատնանշէ ունայնութիւնը մարդկային դատողութիւններու. «Երկինքը որքան հեռու է երկրէն, նոյնքան հեռու են իմ ճամբաներս՝ ձեր ճամբաներէն, մտածումներս ձեր մտածումներէն» (55:9): Ահա՛ այս Աստուածային տեսանկիւնէն դիտելով Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հարիւր տարուայ սուգը վերածեց սուրբերու տօնակատարութեան: 

Ողբը եւ տօնը ո՞ւր տեսնուած է ընդգրկած իրարու, բացի մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն, որ կը պարունակէ իր փառահեղ Յարութիւնը մեռելներէն եւ անմահութիւնը: Այս չէ՞ր Վարդանանցի սուրբ հերոսներու բնաբանը արձակուած՝ ընդդէմ մահուան սարսափազդու աչքերուն. «Մահ՝ ոչ իմացեալ՝ մահ է. Իսկ մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»: Մեծ Եղեռնի զոհերուն անմահութիւնը սկսաւ իրենց մահուան օրը: Մենք, պարզապէս, հարիւր տարուայ սուգէն յետոյ արթնցանք այս ճշմարտութեան: 

Բայց եւ այնպէս գիտենք, շատերը չունին այս Աստուածատես հայեացքը եւ կ’ուզեն մխրճուիլ ու մնալ ընդմիշտ Եղեռնի անել լաբիւրինթոսներու մղձաւանջին մէջ: Բայց մենք կենդանի ազգ մըն ենք որ ունինք քալելիք ճամբաներ ու կապոյտ հորիզոններ հասնելիք եւ կերտելիք փայլատեսիլ ապագայ մը: Ստիպուած ենք մոռնալով յիշել եւ յիշելով մոռնալ: Բառային խաղ մը չէ ըսուածը, այլ՝ Աստուծոյ հանճարեղ մէկ հնարքը որ զետեղուած է մարդկային ուղեղին մէջ որպէս երաշխիքը առողջ ու կատարեալ մտածողութեան: Եթէ միայն յիշէինք առանց մոռնալու՝ կը բանտարկուէինք անցեալի անհուն յիշատակներու մէջ ու ապրուած վատ եղելութիւններուն թիրախը կը դառնայինք շարունակ, անվերջ, անդադար եւ ի վերջոյ մեր իսկ ձեռքերով ջարդ ու փշուր կ’ընէինք մեր ուղեղը, Կոմիտասի ջարդուած քնարին պէս: Ստիպուած ենք մոռնալու, բայց միշտ յիշելով: Որովհետեւ եթէ միայն մոռնայինք առանց յիշելու, կ’ըլլայինք ոչ մէկը առանց անունի, առանց անցեալի, առանց ինքնութեան: Չէինք կրնար արժեւորել այս օրը եւ չէինք ունենար ոչ մէկ երազ ապագայի վերաբերեալ: 

Հազար փա՛ռք, որ մեր Եկեղեցին կիրառեց այս ճշմարտութիւնը ազգային մակարդակով Մեծ Եղեռնի նկատմամբ ու յայտարարեց որ նոր ու թարմ ակնարկ մը հնարաւոր է դար մը առաջ պատահած ցաւագին դէպքերուն ի տես: Պէտք է յիշենք եւ յիշեցնենք անցեալը ոչ թէ այնպէս, ինչպէս՝ կարծես թէ երէկ պատահած անբուժելի հարուածներ են անոնք, այլ անհերքելի փաստարկները՝ մեր ազգային ու կրօնական զօրութեան, տոկունութեան, կենսունակութեան ու գոյատեւման եռանդին: Պիտի յիշենք եւ ուրիշներուն պիտի յիշեցնենք որպէսզի չկրկնուին անմարդկային նման դէպքեր: Բայց պիտի մոռնանք նաեւ որպէսզի այս օրուան ու ապագային համար ուժ ու կորով հաւաքենք, նոր առիթները տեսնենք եւ գործածենք ինքնավստահ: Ամէն օր նոր արեւ ու նոր իրավիճակներ կը ծնին: Անցեալի ձախորդութիւնները պահ մը մոռնալու ենք որպէսզի մեր ներուժին վստահիլ գիտնանք եւ մեր ձեռքը եղածներուն արժէքը լա՛ւ գնահատենք եւ շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ սրտանց իր անհուն բարիքներուն համար:

Աւելի քան հարիւր տարի այս ցաւին մասին համաշխարհային տարածքի վրայ եղան դեր ու դէմ արտայայտութիւններ, որոնք տակաւին կը շարունակուին։ Այդ արտայայտութիւնները կողմերու համար եղան վիրաւորիչ։ Որպէս հոգեւորական, փափաքողներէն չենք որ գործածուին քինախնդիր եւ խորքին մէջ անօգուտ ու վիրաւորական բառեր որպէսզի անցեալը ստուեր ածէ ապագային կերտուելիք միջազգային համերաշխութեան վրայ։ Դարձեալ որպէս հոգեւորական, համոզում գոյացնողներէն ենք, թէ տակաւին ուշ չէ ժամանակը, որ շինարար ոգին տիրապետէ մարդկանց սրտերէն ներս։ Մեզի համար ցաւ է ականատեսը ըլլալ այն իրողութեանց երբ մեր ժողովուրդի սփոփանքի կարօտ անցեալի տառապանքները քաղաքականութեան նիւթի կը վերածուի: Մենք սիրով ակնկալողներէն ենք որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւնները, իրենց պատկան մարմիններով իրարու հետ խօսին, ի սէր բարի դրացիական յարաբերութեանց հաստատման։ 

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Պատմութեան մէջ Վսեմաշուք Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղան եղաւ եզական դէմքը, որ թէ անցեալին որպէս վարչապետ եւ թէ յետագային որպէս հանրապետութեան նախագահ այս յիշատակութեանց առթիւ հրապարակեց պատգամներ։ Այս պատգամներուն մէջ դրսեւորուած է ցաւակցական ոգի, նաեւ տարագրութեան դժբախտութիւնը ապրելով իրենց կեանքերը կորուսած մեր ազգի զաւակներու յիշատակներուն նկատմամբ արտայայտուած՝ յարգանք։ Ըստ մեզի այդ բոլորը տեղին կ՚ըլլայ արժեւորել դրական քայլեր, որոնք կրնան ապագային զարգանալ բաղձալի մերձեցումի մը ի նպաստ։

Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարագրութեան դժբախտ եւ ցաւառիթ դէպքերու հետեւանքով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կրած նիւթական եւ բարոյական կորուստները երբ կը յիշենք, մեզի համար քաղցր պարտականութիւն է յիշել բարի, ազնիւ եւ աստուածավախ այն Օսմանեան պետական պաշտօնեաները եւ անոնց ոգիով ընթացած խղճամիտ ոչ-Քրիստոնեայ անձերը, որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքերը վտանգելով տէր կանգնած են տարագրեալ ընտանիքներու, որքանով որ կարելի էր։ Անոնց ցուցաբերած մարդասիրական կեցուածքը արժանի է գնահատանքի այնչափ, որչափ արժանի են Քրիստոնեայ բարեսիրական կազմակերպութիւնները։ Ուրախ ենք որ խղճամիտ կեցուածք որդեգրածներ կը յիշատակուին իրենց անուրանալի մարդասիրութեամբ։ 

Թուրքիա եւ Հայաստան երկու դրացի պետութիւններ են։ Այս առումով երկու երկիրներ հարկադրուած են իրենց աշխարհագրական դիրքերը պահելով միասնաբար ապրիլ։ Մենք կը հաւատանք, որ Թուրք եւ Հայ յարաբերութեանց մէջ հաստատուած եղբայրութեան եւ սիրոյ երանելի պահը պիտի ողջունենք Աստուծոյ կամքով։ Մարդոց համար անկարելին, Աստուծոյ համար կարելի է։ Եթէ կ՚ուզենք այս պահը ողջունել պարտինք ունենալ բարի կամեցողութիւն, որմէ անբաժան պէտք է մնայ մեր առ Աստուած առաքած աղօթքները։ 

Թող Աստուած ներգործէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հայրենակիցներու սրտերէն ներս, որպէսզի զգան թէ որքան կարեւոր է դրացիական բարի յարաբերութիւնները: Կերտեն միասնաբար բարին ու գեղեցիկը ու վայելեն անոնց բարիքները միասնաբար։ Վստահինք Աստուծոյ եւ Անոր շինարար միջամտութեան։ Կ՚աղօթենք մեր հարեւաններուն համար։ Մեր հարեւաններն ալ թող աղօթեն որպէսզի Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կամուրջ մը հաստատուի։ 

Երբ կը շարունակենք ապրիլ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսի ուրախութիւնը, թող Ամենաբարին Աստուած Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, եկեղեցւոյ հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերու բարեխօսութեամբ լսէ մեր աղաչանքներուն ձայնը։ Այլեւս վերջ գտնեն աշխարհաւեր պատերազմները, մարդկային իրաւունքներու սպառնացող կռիւները։ Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները յաւիտեան թագաւորէ ի շինութիւն եւ ի բարօրութիւն համայն աշխարհի մարդկութեան, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան. Ամէն։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/ն-ա-տ-սահակ-բ-պատրիարք-հօր-24-ապրիլի-պատգա/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın