İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն թէ համաշխարհային տարածում գտած Քորոնա ժահրի համաճարակը նաեւ իր ազդեցութիւնը գործած է մեր երկրէն ներս։ Համաճարակի յառաջացուցած կեանքի պայմանները դուռ բացած են, որ օժանդակութեան աշխատանքներ կազմակերպուին համայն երկրի տարածքին։

Այս առումով եղած օժանդակութեան կոչին ընդառաջելով, որպէս համայնք բերինք մեր բաժինը գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ մասնակցութեամբ Հոգեւորական Դասուն եւ համայնքային մարմիններուն։ Նաեւ մեր համայնքի անդամներէն կարիք ունեցողներու օժանդակելու մտահոգութեամբ ձեռնարկուեցաւ օժանդակութեան աշխատանքներուն։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կատարուած այս աշխատանքներուն նիւթապէս սատար հանդիսացան Հոգեւորականաց Դասը, համայնքային մարմիններ, բարերարներ եւ ժողովուրդէն անհատներ։

Ներհամայնքային օժանդակութիւնը կ՚ընդգրկէր հասնիլ կարիք ունեցող համայնքի անդամներուն, նաեւ քաղաքս գտնուող Հայաստանի հայրենակից մեր ազգակիցներուն։ Այս առումով նպարեղէնի նպաստ յատկացուած է 1.785 անձերու, որոնցմէ 675 ընտանիքներ համայնքի անդամներ են, իսկ 1110ը՝ Հայաստանի քաղաքացիներ։

Ընկերային այս օժանդակութեան մղիչ ոյժն է Պօղոս Առաքեալի յիշեցումը. «Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ՚ուրախանան անոր հետ։ Արդ՝ դուք Քրիստոսին մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմնին» (Ա. Կորնթացիս, 12.26-27)։

Նկատելով որ յառաջիկայ օրերուն եւս պիտի շարունակուին սոյն նպաստներու յատկացումը, այսու կոչ կ՚ուղղենք մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, որպէսզի ստորեւ տրուած դրամատան հաշիւի միջոցաւ յատկացնեն իրենց նուէրները։ Վստահ ենք թէ մեր ժողովուրդի զաւակները սիրով պիտի ընդառաջեն այս կոչին ու իրենց կարողութեան ներած չափով պիտի սատարեն այս մարդասիրական առաքելութեան։

———–
TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
TL HESABI IBAN
TR81 0006 4000 0011 0320 6373 86

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ 
USD HESABI IBAN
TR22 0006 4000 0021 0323 3693 81

———–

ՍԱՀԱԿ Բ.
Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın