İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԶՈՀ ՄԸ ԵՒՍ ՏՈՒԱՒ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ. ՈՉ ԵՒՍ Է ՈՍԿԵՐԻՉ ԱՐԱ ԹԷԼԼԷՐ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի անդամներէն մին եւս զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Այսպէս, ոչ եւս է Արա Թէլլէր, որ շուրջ 80 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ, ուր դարմանման տակ էր շուրջ ամիսէ մը ի վեր։ Քանի մը օր առաջ, նոյն հիւանդանոցին մէջ, նոյն պատճառաւ մահացած էր նաեւ իր կողակիցը՝ Ժամնուր Թէլլէր։ Անոնց իրերայաջորդ կորուստը, անշուշտ, խոր ցաւ պատճառած է իրենց հարազատներուն, ընտանիքին եւ բարեկամական շրջանակին։

Արա Թէլլէր ծնած էր Սեբաստիոյ մէջ եւ աւելի վերջ հաստատուած Իսթանպուլ, ուր կը զբաղէր ոսկերչութեամբ։ Ունէր երկու զաւակ։ Դժբախտաբար իրմով համալրուեցաւ թրքահայութեան կողմէ համավարակին տրուած զոհերու շարքը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Արա Թէլլէրի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր հարազատներուն եւ համայն մերձաւորներուն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/15-04-2020-թրքահայ-համայնքը-զոհ-մը-եւս-տուաւ-քորոնաժահրի-համաճարակին-ոչ-եւս-է

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın