İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ 7

Նկատի ունենալով ամբողջ աշխարհի վտանգ սպառնացող Քորոնա Ժահրն ու մահացու արդիւնքները մերազն համայնքի անդամներուն անգամ մը եւս կը թելադրենք, որ այս շրջանին չհեռանան իրենց բնակարաններէն։

1. Պատրիարքարանիս Դիւանին զանազան միջոցներով հասնող լուրերէն կը տեղեկանանք, թէ մեր համայնքի անդամներէն ոմանք առիթ սեպելով Ս. Յարութեան Տօնն ու խթման սեղանները, կազմեր են ծրագիրներ՝ համախմբուելու համար տօնական սեղաններու շուրջ, իրենց երկարապատում կարօտն ալ պատճառաբանելով։ Կու գանք յիշեցնել, թէ մեր եկեղեցիներուն դռները իսկ պաշտամունքի փակուած են վասն թանկագին առողջութեան մեր համայնքի ամէն մէկ անդամին։ Երկրին մէջ կանգ առած է որեւէ հաւաքական մէկտեղում։ Միւս կողմէ երբեք ընդունելի պիտի չըլլան նման հաւաքներ ու ճաշկերոյթներ եւ մահացու վտանգներու դուռ պիտի բանան թէ կազմակերպողներուն եւ թէ ներկաներուն համար։ Ուստի խստիւ կը զգուշացնենք ընթացք չտալ։ 

2. Միւս կողմէն նկատի ունենալով, որ 13 Սպրիլ 2020, Երկուշաբթի, Յիշատակ մեռելոց է, սոյն առթիւ եղած են կարգադրութիւններ։ Հակառակ այն իրողութեան, թէ Գերեզմանատուներու դռները բաց են այցելուներու, սակայն չենք քաջալերեր մեր համայնքի անդամները, որ այցելեն իրենց հանգուցեալ պարագաներուն դամբարանները։ Այս առթիւ Պալըքլը, Շիշլի, Հալըճըօղլու, Պաքըրգիւղ և Սկիւտարի գերեզմանատանց մէջ 11.00-13.00 ժամերուն միջև ներկայ պիտի գտնուին քահանայ հայրեր, որոնք ժամը 11.00ին պիտի կատարեն ընդհանուր հանգստեան կարգ համայն ննջեցելոց հոգւոցն։

3. Աթոռոյս տնօրինումով համաճարակի պատճառաւ Յարութեան այս շրջանին քահանայ հայրեր իրենց ծուխերուն տնօրհնէքի համար այցելութիւններ պիտի չտան։ Այն ընտանիքները, որոնք ունին տաներէցներ, միայն հեռախօսային կապերով պիտի կապուին քահանայ հայրերն ու հետաքրքրուին իրենց ծուխերով։

Կը մաղթենք առողջութիւն ու Ս. Զատկուան տօնական յոյսով լեցուն հոգեւոր ուրախութիւն։ Կու գանք յիշեցնել մեր համայնքի անդամներուն նաեւ Քրիստոսի խօսքը, թէ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (Գործ. 20.35) եւ կը դիմենք իրենց տօնական ուրախութիւնը բաժնեն կարիքաւորներու հետ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՐՔՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın