İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԹԱՅԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գացած է մեր համայնքէն երիտասարդ գործիչ մը՝ Յակոբ Պալթայեան։ Սա, դժբախտաբար, անժամանակ մահ մըն է, որ վրայ հասած է դարմանումի շրջանին Յակոբ Պալթայեանի առողջական վիճակի վատթարացումով եւ ի վերջոյ հունէ դուրս գալով։ 1977 թուականին ծնած էր Յակոբ Պալթայեան, որ դարմանման տակ առնուած էր Իսթինիէի պետական հիւանդանոցին մէջ։ Իր բուժման համար ներմուծուած դեղամիջոցը, ափսոս, ակնկալուած արդիւնքը չէ տուած։ Ուստի, ծանրացած է վիճակը եւ հեռացած՝ կեանքէն։ Այսպէսով, մեր համայնքը կ՚ապրի իր շարքերէն անձ մը եւս համավարակի զոհ տալու տխրութիւնը։

Յակոբ Պալթայեան շրջան մը եղած էր Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը։ Պաշտօնէ հեռանալէ վերջ իր եւ յաջորդած թաղականներու միջեւ յառաջացած էին տարաձայնութիւններ, որոնք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներու շարքին էին, սակայն, կորուստի ներկայ ծանր պահուն, մարդկայնօրէն, չեն կրնար առընչակից դարձուիլ իր յիշատակին։

Յակոբ Պալթայեան արհեստավարժ կեանքի մէջ կը զբաղէր առեւտուրով, ունէր երկու զաւակ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք հարազատներուն։

ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ ԵՒՍ

Միւս կողմէ, խոր ցաւով տեղեկացանք նաեւ, որ մեր համայնքէն Ժամնուր Թէլլէրն ալ զոհ գացած է քորոնաժահրի համավարակի հետեւանքով։ Ան մահացած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ։ Հանգուցեալը ունէր երկու որդի։ Դժբախտաբար, նոյն հիւանդանոցին մէջ այս պահու դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի նաեւ իր ամուսինը՝ Արա Թէլլէր, որ եւս վարակուած է քորոնաժահրով։ Երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալին, ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր ընտանիքին, նաեւ արագ ապաքինում կը մաղթենք ամուսնոյն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/9-04-2020-մահ՝-յակոբ-պալթայեանի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın