İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍՏՂ Մ՚ԱԼ ՄԻԱՑԱՒ ԵՐԿՆՔԻ ԱՍՏՂԵՐՈՒՆ ԱՍՏՂԱԳԷՏ ՓՐՈՖ. ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ԹԷՐԶԱՆ ԱՆՑԱՒ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԷՆ

ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ վերջին օրերուն Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ աստղագէտ փրոֆ. Յակոբ Թէրզան։ Սփիւռքեան մեծանուն եւ մեծատաղանդ գիտնականներէն մին էր ան, որու կողմէ աստղագիտութեան բնագաւառին բերուած նպաստը կը համարուի անփոխարինելի։ 1927 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած Թէրզան գիտական աշխարհէ ներս նուաճած բոլոր բարձունքներով հանդերձ միշտ հաւատարիմ մնացած էր իր արմատներուն, ինքնութեան։ Յակոբ Թէրզան 1947  թուականին շրջանաւարտ եղած էր Կեդրոնական վարժարանէն, ուր աւելի վերջ միջոց մը նաեւ ուսուցչագործած էր։ Իսթանպուլի համալսարանի Գիտական ֆաքիւլթէէն ներս նոյնաժամանակ հետեւած էր թէ՛ ուսողութեան եւ թէ աստղագիտութեան ճիւղերու դասընթացքներուն։ Ան եղած էր առաջին ուսանողը, որ այդ երկու ճիւղերէն նոյնաժամանակ վկայուած էր՝ երկուքէն ալ առաջնութեան աստիճանով։ Աւելի վերջ հաստատուած էր Ֆրանսա, ուր իր գիտական գործունէութեան ամենաբեղուն շրջանը բոլորած էր Լիոնի մէջ։ Ֆրանսայի Աստղագիտութեան ընկերակցութեան եւ Համաշխարհային աստղագիտութեան միութեան կ՚անդամակցէր։ 2013 թուականին Հայաստանի պետութեան կողմէ պարգեւատրուած էր «Անանիա Շիրակացի» մետայլով։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի անձնակազմէն Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ՝ որպէս վերջին յարգանք պատրաստուած բովանդակալից գրութիւնը, որու մէջ նորոգ հանգուցեալ Յակոբ Թէրզանի կենսագրութիւնը պարփակուած է խտացեալ ձեւով՝ մարդկային եւ գիտնականի երեսակներով։

Աւելի քան իննիսուն տարիներ առաջ՝ 1927-ին Իսթանպուլի մէջ ծնաւ Յակոբ Թէրզան։ Ապագայի նշանաւոր աստղագէտ, գիտնական փրոֆ. տքթ. Յակոբ Սրկ. Թէրզանը։

Բարձրագոյն ուսումէն ետք, դարձաւ թուաբանագէտ։

1955-ի դէպքերուն որոշեց գաղթել ու 1956-ին մեկնեցաւ Ֆրանսա։ Մասնագիտացաւ աստղագիտութեան գետնի վրայ։

Եղաւ օգնական աստղագէտ, գիտաշխատող: Աւելի քան երեսուն տարի պաշտօն վարեց Լիոնի աստղադիտարանին մէջ (1967-1998թթ.), եղաւ նոյն աստղադիտարանի տնօրէնի տեղակալը: Աշխատեցաւ Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ, Վիքթոր Համբարձումեանի հետ։ Արժանացաւ թուաբանական գիտութիւններու տոքթորի, ապա փրոֆեսէօրի կոչումին:

Տարիքի բերումով հանգստեան կոչուեցաւ եւ իր կեանքը բոլորեց Լիոնի համեստ բնակարանին մէջ։

Սակայն մինչեւ վերջ մնաց ուսանող։ Հակառակ թուաբանութեան եւ աստղագիտութեան մասին ունեցած մասնագիտութեան, վերջին տարիներուն աշխատեցաւ յայսմաւուրքներու եւ հայոց սրբակենցաղ անձերու եւ դեռ չսրբադասուած անձերու կենսագրութեանց վրայ։

*

Ան դասընկերն էր ու մտերիմը՝ երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքի, որու գահակալութեան շրջանին (1990-1998թթ.) վերահաստատեց իր կապը ծննդավայրին հետ։ Եղաւ բարերարներէն մէկը Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին։ Մօտ յիսուն տարի ետք եկաւ, այցելեց իր ծննդավայրը։ Անձամբ ծանօթացաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հետ եւ լաւ բարեկամներ դարձան։

Չեմ յիշեր ո՛ր տարին, սակայն անգամ մը իր այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Ս. Ծննդեան օրերուն։ Տաղաւարի առաւօտ, Մայր տաճարի մէջ, նստարաններու առաջին շարքերուն իր տեղը գրաւած էր կանուխ ժամերէն։ Մեսրոպ Պատրիարքի հետ որոշեցինք, որ այդ տարուան «կնքահայր»ը ըլլար փրոֆ. Յակոբ Թէրզանը, կամ եկեղեցական կոչումով՝ բարեշնորհ Յակոբ Սրկ. Թէրզանը։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Անպատմելի էր իր հոգեվիճակը։

 Այլ եւս յաճախակի դարձած էին իր այցելութիւնները։ Ամէն տարի անգամ մը իր տիկնոջ հետ կ՚այցելէր քաղաքս։ Կարճ ժամանակի մէջ ունեցաւ իր նոր շրջանակը։

 Ամէն տարի, Պատրիարքական Աթոռի տարեդարձին եւ Հոգեգալուստի տօներու աւանդական դարձած այցելուն էր ան իր լուրջ կեցուածքով, մարդամօտիկ բնաւորութեամբ։

 Տարիներ ետք, անգամ մը իր կինը փսփսաց. «Չեմ գիտեր, որ ինչ կ՚ընէք իրեն, սակայն երբ եկանք, Յակոբը հիւանդ էր։ Իսկ հիմա առողջացած կը վերադառնայ տուն»։

 Բացի Պատրիարքական Աթոռոյ բարերար ըլլալու հանգամանքին, ան բարերարը եղաւ նաեւ Աթոռոյ Հրատարակչութեան բաժնին։ Իր մեկենասութեամբ հրատարակուեցան գիրքեր։ Եւ խիստ հետաքրքիր էր իւրաքանչիւրի պարունակութեամբ։ Մասնաւոր հաճոյք էր իրեն համար ստանալ ու թերթատել նոր հրատարակութիւնները։

 Ամէն անգամ, որ կը խօսէինք հեռախօսով, կարեւոր էր իրեն համար այցելել իր ծնողներուն ու քրոջ շիրիմը։ Անխնամ պէտք չէ մնար ան։ Բարեզարդման գումարը պէտք է վճարուեր։

 Տեսաւ բազմաթիւ մահեր ու ցաւեր։ Տեղեակ դարձաւ իր մանկութեան ընկերոջ՝ Գարեգին Բ. Պատրիարքի։ Քանիցս այցելեց Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդանոցի սենեակը։ Անդադար աղօթողն էր անոր։ Օր մը երբ գուժեցի Մեսրոպ Պատրիարքի հանգիստը, ծերունազարդ ընկերս հեռախօսի դիմացի կողմը հեծեծալով դառնապէս կ՚ողբար։

 Եւ օր մը լուր հասաւ իր կնոջմէ՝ տիկին Մարի-Անժէն, որ «Թէրզանը լաւ չէ։ Հիւանդանոցն է։ Լաւ կ՚ըլլայ, որ անգամ մը տեսնես իրեն։ Գուցէ վերջին անգամ…»։ Յաջորդ օրն էր, որ Լիոնի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ այցելեցի զինք։ Մարմնապէս տկար էր։ Սակայն հոգեբանութիւնով ոչինչ կորսնցուցած։ Մինչեւ այցելութիւնս քանիցս հեռախօսով կապ հաստատեց, կարգադրութիւն ընելու համար, թէ ո՛ւր պիտի մնամ։ Երկօրեայ այցելութեանս մէկուկէս օրը միասին անցուցինք։ Ունէինք զանազան նիւթեր։ Երկար խօսեցանք Պոլսոյ, Պատրիարքութեան, մեր հրատարակութեանց եւ այլ զանազան բաներու մասին։ Ծերացած սիրտը դեռ կը փափախէր Պոլսոյ մէջ։

 Անգամ մը սխալ լուր մը տարածուած էր, թէ մահացած էր փրոֆ. տքթ. Յակոբ Թէրզան։ Կապ հաստատեցի իրեն հետ եւ երկար զրուցեցինք ժպտալով։ Գիտէր, որ մահը մօտ էր։ Հաշտ էր մահուան գաղափարին հետ։ Սակայն դեռ հաստատ կապ ունէր կեանքին հետ։ Մեր կատակները կը շարունակուէին երկկողմանի։

 Եկաւ 5 ապրիլ 2020, կիրակի։ Ծաղկազարդ։ Ողջ աշխարհի միակ նիւթը դարձած էր պսակաժահրի համաճարակը։ Այդ օր, ոսկրաբեկման պատճառաւ փոխադրուած հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն աւանդեց իր հոգին փրոֆ. տքթ. Յակոբ Սրկ. Թէրզան։

*

Ունեցաւ ակադեմական եւ այլ բազմաթիւ կոչումներ, տիտղոսներ, սարկաւագ էր, պատուուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի շքանշանով։ Սակայն միշտ համեստ էր ու խոնարհ։

 Հակառակ իր գիտական պատրաստուածութեան, մտաւորական անհատականութեան եւ այլ կողմերուն, հակառակ իր ալեւոր տարիքին, ան ՄԱՐԴ էր բառին իսկական առումով եւ մարդ արարածը լաւ կը ճանչնար։

 Շեշտելով կը շեշտէր աշխատանքի տրուած կարեւորութիւնն ու մարդ գնահատելու կենսականութիւնը։ Կ՚ըսէր, որ «մենք, որպէս ժողովուրդ չենք գիտեր մարդ եւ աշխատանք գնահատել։ Այս է մեր մեծագոյն թերութիւնը»։

*

Ան, ծանօթ էր իր զանազան կողմերով. ոմանց իր յայտնաբերած աստղախումբերով, ոմանց ՄԱՐԴ Թէրզան կողմով եւ այլն։

 Երկնային լոյս թող իջնէ իր բարի հոգւոյն։

 Երթաս բարով, սիրելի փրոֆ. Թէրզան, սիրելի սարկաւագ եղբայր, թանկագին ընկեր դէպի սիրելի աստղերուդ եւ հանգչէ այնտեղ մինչեւ…

 Ցտեսութիւն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın