İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԹԱՅԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գացած է մեր համայնքէն երիտասարդ գործիչ մը՝ Յակոբ Պալթայեան։ Սա, դժբախտաբար, անժամանակ մահ մըն է, որ վրայ հասած է դարմանումի շրջանին Յակոբ Պալթայեանի առողջական վիճակի վատթարացումով եւ ի վերջոյ հունէ դուրս գալով։ Այսպէսով, մեր համայնքը կ՚ապրի իր շարքերէն անձ մը եւս համավարակի զոհ տալու տխրութիւնը։

Յակոբ Պալթայեան շրջան մը եղած էր Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը։ Պաշտօնէ հեռանալէ վերջ իր եւ յաջորդած թաղականներու միջեւ յառաջացած էին տարաձայնութիւններ, որոնք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներու շարքին էին, սակայն, կորուստի ներկայ ծանր պահուն, մարդկայնօրէն, չեն կրնար առընչակից դարձուիլ իր յիշատակին։

Յակոբ Պալթայեան արհեստավարժ կեանքի մէջ կը զբաղէր առեւտուրով, ունէր երկու զաւակ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք հարազատներուն։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-04-2020-ոչ-եւս-է-յակոբ-պալթայեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın