İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԱՊ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԵՏ

8 Ապրիլ 2020, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ անձնապէս կապ հաստատելով Նորին Ամենապատուութեան հարցուց իր որպիսութիւնը։ 
Այնուհետեւ, Հայ Համայնքին, հոգեւորականաց դասուն եւ վարչային մարմիններուն. «Մենք մեզի կը բաւենք Թուրքիա» արշաւին բերած ներդրումին համար իր ուրախութիւնը յայտնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց։

Վսեմաշուք Նախագահը յայտեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն իրենց երկիրը վերադառնալու համար դիւրութիւն կ՚ընծայուի եւ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած են՝ Հայաստան դեղի օժանդակութիւն մատուցանելու ևս։ 
Իր խօսքերուն մէջ յայտեց, թէ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւս այս շրջանին լաւ պահպանուի։ Եւս առաւել յայտնեց, թէ առաջնորդներու համար մեծ հնարաւորութիւն է համացանցի դրութենէն օգտուիլը։ Ինք հարցուց նաեւ Հայ Համայնքի կարիքները։ 
Նորին Ամենապատուութիւնը ի փոխարէն այս հետաքրքրութեան, յայտնեց, թէ Վսեմաշուք Նահագահին Հայոց Հոգեւոր Պետին հետ կապ հաստատելը թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր ժողովուրդին համար մխիթարական երեւոյթ է։ Այս առթիւ, Պատրիարք Հայրը, փոխանցեց իր աղօթակցութիւնը եւ Նորին Վսեմութեան մաղթեց առողջութիւն, խաղաղութիւն, գործոց բարեաց յաջողութիւն։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın