İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

Խոր յուզումով վերահասու դարձանք, թէ վերջին օրերուն իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի՝ յարգանքի եւ համակրանքի արժանի խորհրդանշական դէմքերէն մին՝ Արտաւազգ Մամիկոնեանը։ Աւելի քան 90 տարեկան հասակին կեանքէ հրաժեշտ առած է Արտաւազդ Մամիկոնեան, որու կորուստը ցաւ պատճառած է իր սիրելիներու շրջանակին։

Արհեստավարժ կեանքի մէջ գրենական պիտոյքներու վաճառական, Արտաւազդ Մամիկոնեան տասնամեակներ շարունակ անփոխարինելի ծառայութիւն բերած էր մեր եկեղեցական կեանքին, ուր իր նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ արժանացած՝ բարձր գնահատանքի։ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի սիւներէն եղած էր եւ իր ջանքերը ապահոված էին, որ այս երգչախումբը մնայ պատնէշի վրայ։ Լուսաւորիչ երգչախումբի ի նպաստ իր մատուցած ծառայութիւնները ունեցած էին խորհրդանշական շարունակութիւն մը։ Արդարեւ, երգչախումբի այժմու խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի հայրն էր հոգելոյս Արտաւազդ Մամիկոնեան։ Կեանքի վերջին տարիները ան անցուցած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ՝ որպէս մնայուն բնակիչ։ Վերջին տարիներուն, դժբախտաբար, բաւական տկարացած էր նաեւ իր գիտակցութիւնը, ընդհանուր առողջութեան առընթեր։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Արտաւազդ Մամիկոնեանի հոգւոյն, ցաւակցութիւն կը յայտնենք Յակոբ-Գարօլին Մամիկոնեան ամոլին, զաւակներուն, հանգուցեալի բոլոր սիրելիներուն, նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբի ընտանիքին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/6-04-2020-ոչ-եւս-է-արտաւազդ-մամիկոնեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın