İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Նախապէս յայտարարած էինք, թէ Հետևելով Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի կոչին ի մասին Քորոնա Ժահրի պատճառաւ “Մենք մեզի համար բաւարար ենք” դրամահաւաքին, Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հայրը շեշտելով իրարօգնութեան կարևորութիւնը կը տրամադրէր իր հինգ ամսականը, որուն կու գային միանալ Աթոռոյս Ծ. Վարդապետները ևս։ Ի տես այս ամէնուն Աթոռոյս հոգևորականաց դասու անդամները ընդգծելով, թէ պէտք չէ օժանդակութիւնը միայն երեք հոգիի ուսերուն բեռցուի, բերած են իրենց մասնակցութիւնը՝ կիսելով 100 հազար ԹԼի գումարը։

Բաց աստի հոգևոր Հայրեր անցնող շաբթուան ընթացքին կարիքաւորներու տրամադրուած նպարեղէններու համսր սլ արդէն ապահոված էին 50 հազսր ԹԼի օժանդակութիւն մը։ Մեր սպասումն է, որ այս ընթացքը թող որդեգրուի Համայնքային ու Թաղային մարմիններու կողմէ ևս և անոնք այս խաւար օրերուն բարոյականին առընթեր բերեն նաև իրենց նիւթական օժանդակութիւնները և գումարները փոխանցեն Պատրիարքարան։

Աղբիւր։ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın