İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Տէր մեզ փոթորիկի տարուբերումներուն մէջ մի ձգեր». Քորոնաժահրի համաճարակէն փրկուելու համար ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ աղօթքը։

Տէր օրհնէ աշխարհը, բժշկութիւն պարգեւէ մարմիններուն ու սփոփանք սրտերուն։ Մեզմէ կը խնդրես վախ չունենալ։ Մեր հաւատքը սակայն տկար է ու մենք երկիւղի մէջ ենք։ Բայց Դուն Տէր մեզ Փոթորիկին մէջ մի ձգեր։ Մեզի նորէն կրկնէ` «Մի վախնաք» (Մատթէոս 28, 5), եւ մենք Պետրոսի հետ մասին «մեր անձկութիւնները կը պարպենք քու սրտիդ մէջ, որովհետեւ դուն կը խնամես մեզ (Պետրոս 5,7)։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ 27 Մարտ 2020-ի երեկոյեան 6-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին, ամայի ու դատարկ հրապարակի խորհրդաւոր եւ անիրական թուող մթնոլորտի մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Քորոնաժահրի դադրեցումին համար յատուկ աղօթքի արարողութիւն մը, որուն՝ ընկերային հաղորդամիջոցներու ու հեռուստակայանի սփռումներուն միջոցաւ, իրենց մասնակցութիւնը բերին համայն աշխարհէն միլիոնաւոր քրիստոնեայ հաւատացեալներ։

Աղերսանքի աղօթքը` սկիզբ առաւ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած (Մարկոս 4,35-41) Յիսուսին կողմէ փոթորիկի խաղաղեցումին հրաշքը պատմող հատուածով։

ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ

Այն օրը իրիկունը, Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէք ծովուն միւս ափը անցնինք»։ Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք ու տարին…. Յանկարծ ամեհի մրրիկ մը սկսաւ, ալիքները նաւուն վրայ կը խուժէին, այնպէս որ նաւը ջուրով սկսաւ լեցուիլ։ Յիսուս նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար։ Կ՛ արթնցնեն զինք եւ կ՛ըսեն. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ մենք կորսուինք»։ Յիսուս արթննալով սաստեց հովին եւ ծովուն ըսելով. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը իսկոյն դադրեցաւ եւ խոր անդորրութիւն տիրեց։  Այն ատեն ըսաւ աշակերտներուն «Ինչո՞ւ կը վախնա՞ք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։ Երկիւղը պատեց զանոնք եւ իրարու կ՛ըսէին «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որուն  հովն ու ծովը կը հնազանդին»։

Աւետարանական ընթերցումէն ետք ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը` որուն մէջ ակնարկելով Աւետարանի հատուածի առաջին խօսքերուն «Այն օրը իրիկունը», դիտել տուաւ՝ որ«շաբաթներէ ի վեր կը թուի որ իրիկուն եկած է»։

«Խիտ խաւար մը խտացաւ մեր հրապարակներու, ճանապարհներու ու քաղաքներու վրայ, տիրապետեց մեր կեանքին վրայ, ամէն ինչ լրացնելով խուլ լռութեամբ ու անհանգստացնող դատարկութեամբ, որ անշարժութեան մատնեց ամէն ինչ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ «Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման՝ վախցած ու մոլորած ենք։

«Յանկարծակի եկանք անսպասելի ու զայրացած փոթորիկի մը դիմաց։ Անդրադարձանք թէ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, ուղեկորոյս ու դիւրաբեկ, եւ անդրադարձանք նաեւ թէ կարեւոր ու հարկաւոր է որ բոլորս միասին թիավարենք, որովհետեւ կարիքը ունինք մէկը միւսի աջակցութեան» աւելցուց ԱՆ, ապա հաստատեց  «Նման այն աշակերտներուն, որոնք անձկութեան մէջ միաձայն կ՛աղաղակեն. «կորսուած ենք» (v. 38), մենք եւս անդրադարձանք թէ կարելի չէ որ իւրաքանչիւրս յառաջ ընթանայ միայնակ, ու թէ պէտք է ընթանանք միասին»։

Քահանայապետը հուսկ շեշտը դրաւ աշակերտներուն «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք» եւ Յիսուսին «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք» խօսքերուն վրայ։

«Աշակերտները կը կարծէին թէ Տէրը իրենցմով չէր հետաքրքրուէր, թէ անոնց հոգ չէր տանէր։ Թէեւ Յիսուսէն աւելի ոչ մէկը  հետաքրքրուած է մեզմով» յարեց Սրբազան Պապը, ակնարկելով թէ ինչպէս «Փոթորիկը կը դիմակազերծէ մեր դիւրաբեկութիւնը ու բաց կը պահէ մեր սուտ եւ մակերեսային ապահովութիւնները, որոնցմով կառուցեցինք մեր ծրագիրները, մեր սովորութիւնները ու մեր առաջնահերթութիւնները»։

Փոթորիկը մեզի ցոյց կու տայ՝ թէ ինչպէս քունի մէջ թողուցինք եւ մէկդի դրինք այն ինչ որ կը սնուցէ, կ՛աջակցի եւ ուժ կու տայ մեր կեանքին ու մեր հասարակութիւններուն։

Փոթորիկին հետ միասին ի յայտ եկան կարծրատիպ հնարքները, որոնցմով կը դիմակաւորէինք մեր «ես»ը, մտահոգուած մեր սեփական պատկերով ու ի յայտ եկաւ նաեւ մեր միասնական պատկանելիութիւնը, որմէ փախուստ չենք կրնար տալ` եղբայրներու պատկանելիութիւնը»։

«Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։

«Տէր քու Խօսքդ այս երեկոյ կը հայի մեզի բոլորիս։ Մենք այս աշխարհին մէջ յառաջ ընթացանք արագութեամբ, մենք մեզ զգալով ուժեղ ու կարող ամէն բան կատարելու։ Շահի ժլատութեամբ թոյլ տուինք որ իրերը մեզ կլանեն եւ շտապութիւնը մեզ շփոթէ։ Կանգ չառինք քու յիշեցումներդ դիմաց, չի սթափեցանք մոլորակային անարդարութիւններու ու պատերազմներու դիմաց, չունկնդրեցինք աղքատներուն ճիչը եւ ոչ իսկ մեր մոլորակին ճիչը՝ որ ծանրապէս հիւանդ է։

Մենք շարունակեցինք անհոգ եւ անտարբեր, կարծելով թէ առողջ պիտի մնանք, հիւանդ աշխարհի մը մէջ։ Եւ այժմ` ալեկոծ ծովուն մէջ, քեզի կը պաղատինք. «Արթնցիր Տէր»։

«Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։ «Տէր այս քառասնորդացի ընթացքին կը հնչէ քու զօրեղ կոչդ. «Ապաշխարեցէք. Ինծի վերադարձէք բոլոր սրտով»։ Դուն մեզ կը կանչես, որպէսզի այս փորձանքի պահը ըմբռնենք որպէս ընտրանքի պահ մը։ Ժամը՝ ընտրելու այն ինչ որ կարեւոր է եւ ինչ որ անցողական, բաժնելու անհրաժեշտը անանհրաժեշտ բաներէն։ Ժամն է մեր կեանքին ղեկը դարձեալ ուղղելու դէպի քեզի՝ Տէր, եւ դէպի ուրիշները», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով մեր այս օրերու ճանապարհորդութեան օրինակելի ընկերներուն,  «որոնք վախին դիմադրեցին իրենց կեանքի նուիրումով»։

Պարզ մարդիկ որոնց անունները պարբերաթերթերու տիտղոսներուն մէջ չեն յայտնուիր, յաճախ մոռցուած։ Անոնց ամենանոր «շոու» ի բեմին վրայ չեն, թէեւ անոնք այսօր, անկասկած, կը գրեն մեր պատմութեան վճռական իրադարձութիւններուն էջերը. բժիշկներ, բուժ օգնութիւն մատուցողներ, հիւանդապահներ, մեծ շուկաներու աշխատաւորներ, մաքրութեան մարզի գործիչներ, խնամակալներ, փոխադրական մարզի աշխատաւորներ, ապահովական մարմնի անդամները, կամաւորներ, քահանաներ, կրօնաւորներ ու այլ բազմաթիւ անձեր, «որոնք հասկցան թէ ոչ մէկը կարող է  առանձին փրկուիլ», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ անոնց շարքին դասելով նաեւ ծնողներն ու ուսուցիչները, որոնք այս տագնապի պահուն մեր երախաներուն ցոյց կու տան ինչպէս դիմագրաւել ու  յաղթահարել խուճապը` վերադասաւորելով մեր սովորութիւնները, վեր բարձրացնելով հայեացքը ու խրախուսելով աղօթք։

«Լռելեան աղօթքն ու ծառայութիւնը մեր յաղթանակի զէնքերն են» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով նաեւ որ մենք «կարիքը ունինք փրկութեան» բայց «ինքնաբաւ չենք» եւ «պէտք ունինք Տիրոջ, նման այն հին նաւաստիներուն որոնք պէտք ունէին աստղին»։

Քահանայապետը թելադրեց «Մեր կեանքերու նաւակներուն վրայ հրաւիրել Յիսուսը»։ Անոր յանձնել մեր վախերը, աշակերտներուն նման փորձարկելով թէ Անոր հետ նաւաբեկութիւնը կարելի չէ։ «Որովհետեւ, յարեց Սրբազան Պապը, այս է Աստուծոյ ուժը. Բարիի վերածել ամէն ինչ որ մեզի կը պատահի, նոյնիսկ գէշ բաները։ Աստուած անդորրութիւնը կը բերէ փոթորիկին մէջ, որովհետեւ Անոր հետ կեանքը չի մեռնիր  երբեք»։

Խարիսխ մը ունինք` Անոր խաչով մենք փրկուեցանք։ Ղեկ մը ունինք` Անոր խաչով մենք ազատեցանք։ Յոյս մը ունինք՝ Անոր խաչով մենք մաքրուեցանք ու ողջագուրուեցանք որպէսզի ոչ մի բան եւ ոչ մէկը մեզ բաժնէ Անոր փրկարար սերէն։

Մեկուսացումի այս իրավիճակին մէջ կը տառապինք հարազատութեան ու հանդիպումի պակասէն։

Յիսուսին խաչը ողջագուրելը կը նշանակէ քաջութիւն գտնել ողջագուրելու ներկայ ժամանակուայ բոլոր հակառակութիւնները, կը նշանակէ տեղ բանալ ստեղծագործութեան զոր Սուրբ Հոգին կարող է յարուցել։ Կը նշանակէ քաջութիւնն ունենալ տարածքներ բանալու, ուր բոլորը կարող ըլլան զգալու թէ կանչուած են ու կարող՝ հիւրընկալութեան, եղբայրութեան եւ զօրակցութեան նոր ձեւեր որդեգրել։

Ողջագուրենք Տէրը` որպէսզի ողջագուրենք յոյսը. Ահա այս է մեր հաւատքին ուժը, որ մեզ կ՛ազատէ վախէն ու մեզի կու տայ յոյս։

«Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք»։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս վայրէն որ կը պատմէ  Պետրոսի ժայրական հաւատքը, այս գիշեր կ՛ուզեմ ձեզ բոլորդ յանձնել Տիրոջ, բարեխօսութեամբ Սուրբ Կոյսին, Ժողովուրդներու Փրկութիւն, փոթորիկներու մէջ Աստղ ծովու։

Հռոմն ու աշխարհը ողջագուրող այս շարասիւնէն, թող` որպէս մխիթարիչ ողջագուրում, իջնէ Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Տէր՝ օրհնէ աշխարհը, բժշկութիւն պարգեւէ մարմիններուն ու սփոփանք սրտերուն։

Մեզմէ կը խնդրես վախ չունենալ։ Մեր հաւատքը սակայն տկար է ու մենք երկիւղի մէջ ենք։ Բայց Դուն Տէր մեզ Փոթորիկին մէջ մի ձգեր։

Մեզի նորէն կրկնէ` «Մի վախնաք» (Մատթէոս 28, 5), եւ մենք Պետրոսի հետ մասին «մեր անձկութիւնները կը պարպենք քու սրտիդ մէջ, որովհետեւ դուն կը խնամես մեզ (Պետրոս 5,7)։

https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2020-03/hy-papa-preghiera-urbi-et-orbi-coronavirus.html?fbclid=IwAR05GHLvFFnCpqtRYMASE4wPyLZt2cNcE-UNqVaVm6KcovZX7WM4BQkHsVo

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın