İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ 4

Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային Օժանդակութեան Աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։

Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ, իրենց ուղարկուած հեռախօսային տուեալներով, մեր երէց քոյր եւ երբայրներուն հետ կապ պիտի հաստատեն հեռաձայնի միջոցաւ, իրենց հետ պիտի զրուցեն ու իրենց պիտի ջանան զգացնել թէ՝ այս օրերուն առանձին չեն։

Առաջին հերթին 170 հեռախօսային համարով սկսած է այս ծառայութիւնը։ Անոնք, որոնքկը փափաքին օգտուիլ այս ծառայութենէն, հաճին դիմել իրենց եկեղեցիներու գարտուղարութիւններուն՝ անունով եւ հեռախօսային համարով։

Այս դժուարին պահուն, ի պահանջել հարկին, Պատրիարքական Աթոռը պատրաստ է արհեստավարժօրէն կրօնական եւ բարոյական օժանդակութիւն մատակարարել։ Եկեղեցիներու կատարուած դիմումները, նկատի պիտի առնուին Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Աղբիւր։ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın