Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ Պետիկ Օղկասեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի ընկերներէն։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը 2 օր առաջ անհանգստացած եւ փոխադրուած է Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոց, ուր այսօր կնքած է իր մահկանացուն։
Լիբանանեան MTV Lebanon կայանը, Պետիկի մահուան լուրէն ժամ մը անց կատարած է կարճ լրատւութիւն մը, նշելով, որ Պետիկ Օղկասեան վարակուած էր «Քորոնա» վարակով , որուն հետեւանքով ալ մահացած է։
Կայանը նաեւ կը հաղորդէ, որ Օղկասեան կը տառապէր այլ անհանգստութիւններէ։
Կայանին հաղորդումով Պետիկ Օղկասեանի մահով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահացածներուն թիւը կը բարձրանայ 6-ի։
Յիշեցնենք, որ հանգուցեալը հայր էր 2 զաւակներու։
http://arevelk.am/am/content/2/4992/Պէյրութ.-Մահացած-է-լԼիբանանահայ–երիտասարդ-Պետիկ—-Օղկասեանը.html
İlk yorum yapan siz olun