İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ներկայ օրերուն, մեր համայնքէ ներս ընկերային զօրակցութեան շարժումը բաւական կազմակերպուած ու նպատակասլաց կերպով յառաջ կը տարուի Ֆէրիգիւղի մէջ։ Քաղաքիս ամենահայաբնակ այս շրջանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հնարաւորութիւնները շարժման կ՚անցուին՝ կարելի չափով բոլորի կարիքներուն հասնելու առաջադրութեամբ։ Ֆէրիգիւղի զօրակցութեան աշխատանքները անձամբ կը վերահսկէ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչն ու հոգեւոր հովիւն է։ Հայր սուրբը Ֆէրիգիւղի օժանդակութեան աշխատանքները համակարգելու առաջադրութեամբ կազմած է յանձնախումբ մը, որ երէկ երեկոյեան գումարեց իր անդրանիկ ժողովը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի գլխաւորած յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլու, Թամար Քարասու, Աւետիս Սէյրան եւ Մկրտիչ Սուճու։ Այս յանձնախումբը կը ջանայ կամաւորներու ալ աջակցութիւնով անհրաժեշտ օժանդակութիւնները փութացնել՝ մեր տարեցներուն եւ համայնքի համեստ խաւերէ զաւակներուն։ Երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին ուղղուած կոչ մը, որով ուրուագծուած է նաեւ՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի օրհնութեամբ ու վերահսկողութեամբ թաղէն ներս ծնունդ առած աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս կոչին թրքերէն բնագիրը։

Feriköy cemaatimizin sevgili üyeleri,

İçinde bulunduğumuz bu zor zamanlarda birbirimize destek olmamız gerekmektedir. Bu birbirimize karşı sevgi ve hizmet borcumuzdur.

Özellikle 65 yaş üzerinde olan, yakını olmayan Feriköy cemaatimizin yaşlılarının alışveriş ihtiyaçlarını karşılayabilmek için gençlerimiz gönüllü olarak hizmete hazır.

Bu kişilerin veya bu gibi kişileri tanıyanların 0212 248 29 13 nolu kilise telefonuna mesai saatleri dahilinde ihtiyaçlarını bildirmeleri durumunda alışverişleri kendilerine teslim edilecektir.

Yalnız yaşayanların tanımadıkları ve güvenmedikleri yabancılara kapılarını açmamalarını tavsiye ederiz.

Ayrıca, ihtiyaç sahibi ve maddi yetersizlik içinde olan kimsesizler için de imkan dahilinde erzak temini için yine aynı telefondan kilise sekreteryasına ulaşılması gerekmektedir. Sağlıklı günler dileriz.

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/24-03-2020-ֆէրիգիւղցիներու-հրատապ-աշխատանքը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın